alt«­Տէօ­չէ ­Վել­լէ»ի թրքա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, թէ ­Գեր­մա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆ­րանք ­Վալ­թեր Շ­թայն­մա­յեր յայ­տա­րա­րած է, որ ե­թէ ­Թուր­քիան շա­րու­նա­կէ ար­գի­լել գեր­մա­նա­ցի ե­րես­փո­խան­նե­րու մուտ­քը Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յան, ՏԱՀԵ­Շի դէմ պայ­քա­րե­լու

նպա­տա­կով Ին­ճիր­լիք գտնո­ւող գեր­մա­նա­ցի զի­նո­ւոր­նե­րը պի­տի հե­ռա­նան այդ­տե­ղէն:

«Ո­րով­հե­տեւ Ին­ճիր­լի­քի մէջ օ­տա­րերկ­րեայ զինուո­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու հար­ցը կը հաս­տա­տէ դաշ­նակ­ցա­յին խորհր­դա­րա­նը, ա­պա անհ­րա­ժեշտ է, որ ե­րես­փո­խան­նե­րը կա­րե­նան այ­ցե­լել ա­ռա­քե­լու­թեան վայր»,- ը­սած է Շ­թայն­մա­յեր: Ան մեր­ժած է ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւէն հրա­ժա­րե­լու վե­րա­բե­րեալ ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մեւ­լութ ­Չա­ւու­շօղ­լո­ւի պա­հան­ջը:

«­Չեմ կար­ծեր, որ ա­տի­կա ո­րե­ւէ կապ ու­նի խնդի­րին հետ, եւ այս մա­սին ը­սած եմ իմ թուրք գոր­ծըն­կե­րոջս»,- յայ­տա­րա­րած է Շ­թայն­մա­յեր: ­Չա­ւու­շօղ­լու մէկ օր ա­ռաջ յայ­տա­րա­րած էր, որ Ան­գա­րա գեր­մա­նա­ցի ե­րես­փո­խան­նե­րուն պի­տի ար­տօ­նէ մուտք գոր­ծել Ին­ճիր­լիք, երբ որ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­ժա­րի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւէն: