altԵ­րու­սա­ղէ­մի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Յա­կոբ ­Սե­ւան, «Ար­մէնփրես»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, անդ­րա­դառ­նա­լով 1 Օ­գոս­տո­սին Ք­նե­սէ­թի կրթու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ մարմ­նակրթու­թեան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման՝

յայտ­նած է, որ Ք­նե­սէ­թի ո­րոշ ե­րես­փո­խան­ներ ա­ռա­ջար­կած են ստո­րագ­րա­հա­ւաք կազ­մա­կեր­պել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցը խորհր­դա­րա­նի աշ­նա­նա­յին նստաշր­ջա­նի օ­րա­կար­գին վրայ դնե­լու հա­մար: «Կր­թու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հի այն խօս­քե­րը, թէ յանձ­նա­խում­բը պաշ­տօ­նա­պէս կը ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, կշիռ հա­ղոր­դե­ցին հո­լո­վոյ­թին եւ, կար­ծես, մար­տահրա­ւէր ե­ղաւ լիա­գու­մար նիս­տին:

Ընդգ­ծո­ւե­ցաւ, որ կա­րե­լի չէ այս­պէս շա­րու­նա­կել ու հար­ցը ա­նընդ­հատ ձգձգել: Ք­նե­սէ­թի ե­րես­փո­խան­նե­րուն հա­մար դժո­ւար ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծո­ւած է: Ա­նոնք կը քննար­կէին Ք­նե­սէ­թի կա­նո­նա­կար­գը, կը փոր­ձէին հասկ­նալ, թէ ինչ­պէ՛ս պէտք է հար­ցը յա­ռաջ տա­նիլ: ­Յանձ­նա­խում­բի քննարկ­ման մաս­նա­կից ներ­կա­նե­րը հիմ­նա­կա­նին մէջ դրա­կան տրա­մադ­րո­ւած էին եւ կը փա­փա­քէին գոր­ծը յա­ռաջ մղել:

Ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ, հար­ցը լիա­գու­մար նիս­տի օ­րա­կարգ մտցնե­լու հա­մար, կազ­մա­կեր­պել ստո­րագ­րա­հա­ւաք»,- ը­սած է ­Յա­կոբ ­Սե­ւան: Ըստ ա­նոր՝ յանձ­նա­խում­բի քննարկ­ման ներ­կայ էր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ յստակ դար­ձաւ, որ այդ կա­ռոյ­ցի տե­սա­կէ­տին մէջ ոչ մէկ փո­փո­խու­թիւն կայ:

«Ինչ­պէս 7 ­Յու­լի­սին ար­տա­սա­նո­ւած ա­նոր խօս­քե­րէն ե­րե­ւաց, կար­ծես ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ հա­կո­ւած չեն ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

­Հա­կա­ռակ ա­տոր, ե­րես­փո­խան­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ ընդ­հա­նուր առ­մամբ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին վե­րա­բե­րեալ դրա­կան տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թիւն կայ: Եւ ե­թէ ար­տօ­նու­թիւն տրուի, որ ա­նոնք ա­զատ քո­ւէար­կեն, ա­պա՝ յա­ջո­ղու­թիւն պի­տի ար­ձա­նագ­րուի»,- ը­սած է ­Սե­ւան: