Քննարկումը կայացած է Օգոստոս 1ին. Յուլիս 5ի Քնեսէթի լիագումար նիստին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի քննարկումէն ետք, որոշուած էր նախագիծը ուղարկել Քնեսէթի կրթութեան եւ մարմնամարզումի յանձնաժողով` յաւելեալ ուսումնասիրութեան եւ քննարկման համար:
«Յանձնաժողովի այսօր կայացած քննարկումէն յետոյ, Քնեսէթի յանձնաժողովին ատենապետը՝ Յակոբ Մարկին յայտարարած է, որ յանձնաժողովը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յանձնաժողովը նաեւ կոչ ուղղած է Իսրայէլի կառավարութեան ու Քնեսէթին եւ Քնեսէթի խօսնակ պարոն Եուլի Էտըլշթէյնին՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- գրած է Պաղտասարեան:
Անոր կատարած արձանագրութեան համաձայն` յանձնաժողովին ատենապետը նաեւ յանձն առած է կազմակերպել ստորագրահաւաք եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը տանիլ Քնեսէթի լիագումար նիստ: