Print
Category: Հայ Դատ

­altՀա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին առն­չու­թեամբ Ե­գիպ­տո­սի խորհր­դա­րա­նէն դրա­կան ազ­դան­շան­ներ կու գան: Այս մա­սին, ըստ Armenpress.amի, նշած է Ե­գիպ­տո­սի մէջ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Ար­մէն ­Մազ­լու­մեան:

 

 

«­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ մեր կող­մէ աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի. ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կան պատ­կե­րը կը ներ­կա­յաց­նենք հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր շրջա­նակ­նե­րու` թէ՛ քա­ղա­քա­կան, թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան, թէ՛ գի­տա­կան:

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցին հետ կա­պո­ւած, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, դրա­կան տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թիւն կայ, նե­րա­ռեալ` պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու մօտ: Ա­տոր գու­մա­րած՝ քա­ղա­քա­կան նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ են, քա­նի որ Ե­գիպ­տո­սի ու ­Թուր­քիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ­՝ապ­րին դժո­ւար ժա­մա­նակ­ներ»,- նշած է Ար­մէն ­Մազ­լու­մեան` ընդգ­ծե­լով, որ ներ­կա­յիս ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւին ըն­դուն­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը մեծ է:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ե­գիպ­տո­սի մէջ թրքա­կան լոպ­պիի աշ­խա­տան­քին՝ Ար­մէն ­Մազ­լու­մեան նշած է, որ ­Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վատ­թա­րաց­ման հետ կա­պուած՝ լո­պիին­կի աշ­խա­տան­քը բա­ւա­կան կրա­ւո­րա­կան դար­ձած է: Ար­մէն ­Մազ­լու­մեան յի­շե­ցու­ցած է, որ Ե­գիպ­տո­սի մօտ ­Թուր­քիոյ դես­պա­նը վտա­րո­ւած է:

Ն­շենք, որ Ե­գիպ­տո­սի խորհր­դա­րան ներ­կա­յա­ցուած է բա­նա­ձեւ մը, որ 1915-1922 Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած կո­տո­րած­նե­րը կ­՝ո­րա­կէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն:

­Բա­նա­ձե­ւը խորհր­դա­րա­նի նիս­տի օ­րա­կարգ մտնե­լու հա­մար՝ ար­դէն հա­ւա­քած է պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու անհ­րա­ժեշտ քա­նա­կով ստո­րագ­րու­թիւն: Ե­գիպ­տո­սի խորհր­դա­րա­նը բաղ­կա­ցած է 596 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէ, իսկ բա­նա­ձե­ւին տակ ստո­րագ­րած է 337 պատ­գա­մա­ւոր: