Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին առնչութեամբ Եգիպտոսի խորհրդարանէն դրական ազդանշաններ կու գան: Այս մասին, ըստ Armenpress.amի, նշած է Եգիպտոսի մէջ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Արմէն Մազլումեան:
«Տարիներ շարունակ մեր կողմէ աշխատանք կը տարուի. Հայոց Ցեղասպանութեան իրական պատկերը կը ներկայացնենք հասարակութեան տարբեր շրջանակներու` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական, թէ՛ գիտական:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին հետ կապուած, ընդհանուր առմամբ, դրական տրամադրուածութիւն կայ, ներառեալ` պատգամաւորներու մօտ: Ատոր գումարած՝ քաղաքական նպաստաւոր պայմաններ են, քանի որ Եգիպտոսի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կ՝ապրին դժուար ժամանակներ»,- նշած է Արմէն Մազլումեան` ընդգծելով, որ ներկայիս Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունման հաւանականութիւնը մեծ է:
Անդրադառնալով Եգիպտոսի մէջ թրքական լոպպիի աշխատանքին՝ Արմէն Մազլումեան նշած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման հետ կապուած՝ լոպիինկի աշխատանքը բաւական կրաւորական դարձած է: Արմէն Մազլումեան յիշեցուցած է, որ Եգիպտոսի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը վտարուած է:
Նշենք, որ Եգիպտոսի խորհրդարան ներկայացուած է բանաձեւ մը, որ 1915-1922 Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի հանդէպ իրականացուած կոտորածները կ՝որակէ ցեղասպանութիւն:
Բանաձեւը խորհրդարանի նիստի օրակարգ մտնելու համար՝ արդէն հաւաքած է պատգամաւորներու անհրաժեշտ քանակով ստորագրութիւն: Եգիպտոսի խորհրդարանը բաղկացած է 596 պատգամաւորներէ, իսկ բանաձեւին տակ ստորագրած է 337 պատգամաւոր: