Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Սպանիոյ Ալիքանթէ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը ճանչցած եւ դա
տապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Խորհուրդին մէջ քննարկումներու ընթացքին ելոյթ ունեցած են հոն ներկայացուած բոլոր կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, որոնք կարեւոր նկատած են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ անոր կանխարգելիչ նշանակութիւնը:
Մասնաւորաբար «Քոմփրոմիս» քաղաքական խմբակցութեան ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ նշած է, որ խիստ կարեւոր է մոռացութեան չմատնել հայերուն դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը յատկապէս այսօր` հաշուի առնելով, որ այն վայրերուն մէջ, ուր գործուած է ցեղասպանութիւնը, այժմ զանգուածային կերպով կը խախտին մարդու իրաւունքներն ու կը վտանգուին հազարաւոր մարդոց կեանքեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման դիմումը ներկայացուած էր Ալիքանթէի «Հայաստան» ընկերակցութեան կողմէ: