Իսրայէլի Քնեսեթը Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը ուղարկեց կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողով. Քնեսեթի 120 պատգամաւորներէն որոշումին կողմ քուէարկեց 24ը, դէմ քուէարկողներ չկան:
Այս մասին տեղեկացուց Իսրայէլի Քնեսեթի նախկին պատգամաւոր, Իսրայէլ-Հայաստան միջ-խորհրդարանական բարեկամական խումբի հիմնադիր Ալեքսանդր Ցինկեր` նշելով, որ Հոլոքոսթէն վերապրած հրեայ ժողովուրդը բարոյական իրաւունք չունի անտեսելու այլ ազգի մը ողբերգութիւնը:
«Յատկանշական է, որ հայերու զանգուածային սպանդի փաստը Իսրայէլը ինքնին կ՛ընդունի, սակայն կը հրաժարի զայն անուանելէ ցեղասպանութիւն: Իսրայէլի կառավարութեան անդամներու եւ հասարակական-քաղաքական քանի մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն նման վերաբերմունքին պատճառը, իմ կարծիքովս, սեփական ողբերգութեան եզակիութեան ընկալման գործօնն է»,- ընդգծած է Ցինկեր:
Անոր խօսքով` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Իսրայէլի ունեցած դիրքորոշումը նաեւ կախուած է երկրին վարած տարածաշրջանային քաղաքականութենէն: «Նկատի ունիմ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ նման կարեւոր մահմետական պետութեան մը հետ Իսրայէլի ունեցած յարաբերութիւնները:
Ատենին վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուն անկեղծօրէն յայտարարած էր, որ կան քաղաքականութենէն, դիւանագիտութենէն աւելի կարեւոր բաներ, եւ ազգերու զանգուածային կոտորածները կը պատկանին այս դասակարգին: Ըստ երեւոյթին, իսրայէլական քաղաքական գործիչները, գալով իշխանութեան, կը մոռնան խոստումները` հակառակ անոր, որ վերջին շրջանին Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած բոլոր հարցախոյզները ցոյց կու տան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով իսրայէլցիներուն աջակցութիւնը»,- ըսած է ան:
Ալեքսանդր Ցինկեր չի կարծեր, որ այժմ ամենայարմար պահն է Ցեղասպանութեան ճանաչում ակնկալելու համար, սակայն կը վստահեցնէ, որ պիտի շարունակեն պայքարիլ: «Հաշուի առնելով տարածաշրջանային հարցերը, ինչպէս նաեւ վերջերս Իսրայէլի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրի ստորագրումը` դրական արդիւնքի հասնելու լաւագոյն ժամանակը չէ:
Ամէն պարագայի, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած մեր պայքարը շարունակական պիտի ըլլայ: Անոնք ի վերջոյ ստիպուած պիտի ըլլան հասկնալու, որ գոյութիւն ունի պատմական ճշմարտութիւն, եւ ոչ մէկ քաղաքական խարդաւանք չի կրնար ստուերել ամբողջ ազգի մը ոչնչացման սարսափելի փորձ կատարելու փաստը»,- եզրափակած է Քնեսեթի նախկին պատգամաւորը:
«Քնեսեթը այս ձեւով կը քնացնէ հարցը»
Իսրայէլի խորհրդարանին որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը կրթութեան յանձնախումբին ուղարկելու վերաբերեալ, կը նշանակէ, որ հարցը «կը քնացնեն»։
Յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Հայր Կորիւն: «Իսրայէլ ներկայիս կը փորձէ բարելաւել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, այդ պատճառով ալ Քնեսեթի մէջ հարցը չքննարկուեցաւ:
Կը կարծեմ, թէ Քնեսեթը կ՛ուզէ քնացնել հարցը, ինչպէս անցեալ տարի եղաւ, երբ յանձնաժողովի նախագահը յստակ առաջարկներ ներկայացուցած էր Իսրայէլի կառավարութեան՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կրթութեան նախարարութեան՝ Ցեղասպանութեան նիւթը մտցնելու դասաւանդման ծրագիրին մէջ: Քնեսեթը այսօր քննարկեց, սակայն քուէարկութեան չդրաւ»,- յայտնած է Հայր Կորիւն: