altՖ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը միա­ձայ­նու­թեամբ կողմ քուէար­կեց ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող նա­խա­գի­ծին, որ ­Խորհր­դա­րա­նի քննարկ­ման ներ­կա­յա­ցո­ւած էր կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րես»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին յայտ­նեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ֆ­րան­սա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի հա­մա­նա­խա­գահ ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան: «Ֆ­րան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ կողմ քո­ւէար­կե­ցին կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած նա­խա­գի­ծին, ո­րուն մէջ կ­՛ա­ռա­ջար­կո­ւի քրէա­կա­նաց­նել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը: ­Նա­խա­գի­ծը ­Սեպ­տեմ­բե­րին պի­տի քննարկուի ­Ծե­րա­կոյ­տի մէջ, ուր հաս­տա­տո­ւե­լէ ետք՝ կրկին կը վե­րա­դառ­նայ Ազ­գա­յին ժո­ղով` վե­րա­հաս­տա­տո­ւե­լու հա­մար»,- ը­սաւ Մ. ­Փա­փա­զեան` ա­ւելցնե­լով, որ ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղող բո­լոր 21 պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կողմ քո­ւէար­կած են նա­խա­գի­ծին:

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նա­գի­ծի բա­նա­ձե­ւին վրայ աշ­խա­տեր են Ֆ­րան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւա­բան­նե­րը: ­Բա­նա­ձե­ւը մշա­կուած է Ֆ­րան­սա­յի ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան եւ հայ հա­մայն­քի հա­մար ըն­դու­նե­լի տար­բե­րա­կով: «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րէն­քի նա­խա­գիծ»ին բա­նա­ձե­ւը Ֆ­րան­սա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած էր 29 ­Յու­նի­սին:

Ն­շեալ օ­րէն­քով կը նա­խա­տե­սո­ւի մէկ տա­րո­ւան ա­զա­տազր­կում կամ 45.000 եւ­րո­յի չա­փով տու­գանք սահ­մա­նել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը ժխտե­լու հա­մար: Ան ա­ւել­ցուց, որ այժմ հայ­կա­կան հա­մայն­քը պէտք է լուրջ աշ­խա­տանք տա­նի, որ­պէս­զի նա­խա­գի­ծը հաս­տա­տո­ւի նաեւ ­Ծե­րա­կոյ­տի մէջ` դի­տել տա­լով, որ այդ ըն­թաց­քին ­Թուր­քիան ալ իր լծակ­նե­րով պի­տի փոր­ձէ ա­մէն ինչ ը­նել` ­Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ նա­խա­գի­ծին հաս­տա­տու­մը կան­խե­լու հա­մար:

«­Թուր­քիան, ան­շուշտ, չէր սպա­սեր, որ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը այս­քան ա­րագ նման ո­րո­շում տայ: Ա­նոնք կը փոր­ձէին ճնշում բա­նեց­նել կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ եւ նա­խա­գահ ­Հոլ­լան­տէն կը պա­հան­ջէին յետս կո­չել օ­րի­նա­գի­ծը, սա­կայն ա­տի­կա չե­ղաւ: ­Հի­մա մենք պէտք է լուրջ ջան­քեր գոր­ծադ­րենք, եւ ես հա­մո­զո­ւած եմ, որ յաղ­թա­նակ կը տա­նինք»,- ը­սաւ Մ. ­Փա­փա­զեան:

«Այս տա­րո­ւան 25 ­Յու­նո­ւա­րին Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆ­րան­սուա ­Հոլ­լանտ կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն յանձ­նա­րա­րեց ա­ռա­ջար­կել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րէն­քի բա­նա­ձե­ւը, որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ նաեւ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան: ­Հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րը աշ­խա­տե­ցան ֆրան­սա­ցի ի­րա­ւա­բան­նե­րու հետ` մե­զի հա­մար ըն­դու­նե­լի եւ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խա­նող բա­նա­ձեւ մշա­կե­լու հա­մար: ­Նա­խա­գի­ծը հա­ւա­սար է հա­կա­ցե­ղա­պաշ­տա­կան եւ հա­կա­սե­մա­կան օ­րէնք­նե­րու բա­նա­ձե­ւե­րուն»,- ը­սաւ ­Փա­փա­զեան: Ա­նոր խօս­քով` օ­րի­նա­գի­ծի բա­նա­ձե­ւին մէջ իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րի­նակ կը նշո­ւի ­Հա­յոց եւ ­Ռո­ւան­տա­յի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը: