Print
Category: Հայ Դատ

­altՅու­լիս 5ին, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րա­կար­գով, բաց քննար­կում տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Իս­րա­յէ­լի Ք­նե­սէ­թին մէջ: Այդ մա­սին յայտ­նած է յայտ­նի պատ­մա­բան, ցե­ղաս­պա­նա­գէտ Եաիր Աու­րոն՝ «­Զօ­րեան ­Հիմ­նարկ»ին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին,- կը հա­ղոր­դէ

panarmenian.net:

Ըստ ա­նոր՝ Իս­րա­յէլ նա­խա­պէս ձեռն­պահ կը մնար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հան­րա­յին քննրա­կում­նե­րէ եւ ա­զատ քո­ւէար­կու­թե­նէ` չցան­կա­նա­լով վա­նել թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րուն կը հա­մա­րէ Ա.Մ.Ն.ի ա­ռանց­քա­յին դաշ­նա­կից:

­Յու­լիս 5ի քննար­կու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Պուն­տես­թա­կի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի ըն­դու­նու­մէն մօտ մէկ ա­միս անց:
«Քն­նե­լով վեր­ջերս ­Պուն­տես­թա­կի ըն­դու­նած բա­նա­ձե­ւը` կա­րե­լի է քա­նի մը կա­րե­ւոր ե­րե­ւոյթ ա­ռանձ­նաց­նել: ­Ժա­մա­նա­կա­կից ­Թուր­քիան մե­ղա­ւոր չէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար, սա­կայն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն օ­րի­նա­կան ի­րա­ւա­յա­ջորդն է:

­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու փո­խա­րէն՝ ­Թուր­քիոյ իւ­րա­քան­չիւր յա­ջորդ ղե­կա­վար ա­մէն ինչ կ­՛ը­նէ փաս­տե­րը խճճե­լու եւ ժխտե­լու հա­մար: ­Բա­ցի այդ, ­Թուր­քիան, օգ­տա­գոր­ծե­լով իր զգա­լի աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան, ռազ­մա­կան ու տնտե­սա­կան լծակ­նե­րը` կ­՛ազ­դէ այլ եր­կիր­նե­րու վրայ, կը ստի­պէ պար­տադ­րել ա­նոնց՝ միա­նա­լու ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեա­նը»,- ը­սած է Աու­րո­նը:

«­Ժա­մա­նակն է, որ Իս­րա­յէ­լը պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­նայ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Ա­մէն տա­րի այս ժա­մա­նակ Ք­նե­սէ­թը քննար­կում­ներ կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ այդ հար­ցի շուրջ: ­Կան կա­րող ձայ­ներ, սա­կայն կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը թոյլ չի տար սկսե­լու քո­ւէար­կու­թեան: ­Թող այս տա­րին տար­բեր ըլ­լայ:

­Թող Ք­նե­սէ­թի մէջ ա­զատ քո­ւէար­կու­թիւն անց­նի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու կամ ժխտե­լու վե­րա­բե­րեալ»,- ը­սած է գիտ­նա­կա­նը: