Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նը վրդո­ված է ­Թուր­քիոյ ընդ­դի­մա­դիր ե­րես­փո­խան­նե­րը ան­ձեռնմ­խե­լիու­թե­նէ զրկե­լու թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ո­րո­շու­մէն: ­Բայց եւ այն­պէս, կա­ռոյ­ցի ան­դամ­նե­րէն միայն ո­մանք կոչ կ­՛ուղ­ղեն կարծր կեր­պով ար­ձա­գան­գե­լու եւ դադ­րեց­նե­լու Եւ­ րո­պա­կան ­Միու­թեան ­Թուր­քիոյ ան­դա­մակ­ցու­թեան շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը:

Ըստ «­Տէօ­չէ ­Վել­լէ»ի հա­ղոր­դած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն՝ եւ­րո­պա­կան դրաց­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նես ­Հան` խօ­սե­լով Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ, յայ­տա­րա­րած է, որ Եւ­րո­պա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը «լրջօ­րէն մտա­հո­գո­ւած» է ­Թուր­քիոյ ընդ­դի­մա­դիր ե­րես­փո­խան­նե­րէն 138ն­ ան­ձեռնմ­խե­լիու­թե­նէ զրկե­լու մա­սին ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շու­մին առն­չու­թեամբ:

«­Տէօ­չէ ­Վել­լէ» կը գրէ, որ այն փաս­տը, թէ այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րած է ­Հան եւ ոչ թէ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րով Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան յանձ­նա­կա­տա­րը կամ Եւ­րո­պա­կան ­Յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆ­րանս ­Թի­մեր­մանս, որ ներ­կա­յիս կը վա­րէ Ան­գա­րա­յի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ցոյց կու տայ, թէ Պ­րիւք­սէլ պի­տի ան­տե­սէ այս խնդրա­յա­րոյց նիւ­թը:

­Վերջ ի վեր­ջոյ, ա­նի­կա տա­կա­ւին պէտք է փոր­ձէ փրկել գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նա­գի­րէն այն, ինչ որ մնա­ցած է: