Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Գերմանիոյ խորհրդարանի բանաձեւի ընդունումը լայն արձագանգ գտաւ յունական մամուլին մէջ, դրական ու արդարացուած մեկնաբանութիւններով եւ լայն լուսաբանութեամբ։
Առաջնակարգ թերթեր, հեռատեսիլ ու ռատիոկայաններ՝ բոլորը անդրադարձան լուրին, նոյն ժամանակ քննադատելով նաեւ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնները։ Թերթերու եւ լրատուամիջոցներու առաջին էջերուն վրայ լայն տեղ տրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի մամլոյ յայտարարութեան, ուր ընդհանրապէս կ‘առանձնանային «Շնորհակալ ենք Գերմանիա» եւ «Թուրքիան մեզ չի վախցներ» խորագրերը։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Սերգօ Գույումճեան, այս առիթով, հարցազրոյցներ ունեցաւ ԷՐԹ, ելեկտրոնային ՓԻՆԱՔԻՕ կայքէջին, ՓԱՐԱՓՈԼԻԹԻՔԱ, Փիրէայի քաղաքապետարանի ռատիոկայանի հետ, որ սփռուեցան լուրերու բաժիններէն, ինչպէս նաեւ լրագրական այլ յայտագիրներէ, նախորդող օրերուն ընթացքին։