altՕս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ 101 տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը մարդ­կու­թեան դէմ ա­մե­նա­ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն են:

­Գեր­մա­նիոյ ­Պուն­տես­թա­կի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող եւ դա­տա­պար­տող բա­նա­ձե­ւի քննարկ­ման ժա­մա­նակ նման յայ­տա­րա­րու­թիւն կա­տա­րած է ­Գեր­մա­նիոյ ­Սո­ցիալ-­Դե­մոկ­րատ խմբակ­ցու­թեան ան­դամ ­Տիեդ­մար ­Նիե­թա­նը:

«Այն ժա­մա­նակ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան դաշ­նա­կիցն ալ աչք փա­կած է այդ բո­լո­րի վրայ: Ես կը խօ­սիմ ­Գեր­մա­նիոյ մա­սին: ­Բազ­մա­թիւ ե­րե­խա­ներ, կա­նայք ու տղա­մար­դիկ գի­շե­րով հա­նո­ւած են ի­րենց տու­նե­րէն ու բռնի քշո­ւած ա­նա­պատ:

Իսկ ճա­նա­պար­հին ա­ւա­զա­կա­յին խում­բե­րու թոյլ տրո­ւած է յար­ձա­կե­լու եւ խլե­լու այն փոքր ու­նե­ցո­ւած­քը, որ այդ մար­դիկ հաս­ցու­ցած էին վերց­նե­լու ի­րենց հետ: Ա­տի­կա այն ժա­մա­նա­կո­ւան Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն էր, ո­րուն նպա­տակն էր հա­յե­րու, ինչ­պէս նաեւ յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու տե­ղա­հա­նումն ու ոչն­չա­ցու­մը»,- ըստ Artsakhpress.amի՝ ը­սած է պատ­գա­մա­ւո­րը:

Ան յստա­կա­ցուց, որ ի­րենք դա­տա­րա­նի մէջ չեն գտնո­ւիր, այլ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին: «Ոչ մէ­կը դա­տա­պար­տեա­լի ա­թո­ռին նստած է` ո՛չ ­Գեր­մա­նիոյ եւ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը, ոչ ալ ­Թուր­քիոյ ժո­ղո­վուր­դը, ո­րուն հետ մենք ու­նինք բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր: Ա­սի­կա ոչ թէ մե­ղադ­րանք է, այլ խո­նար­հում ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն առ­ջեւ:

­Մեր եր­կի­րը ժա­մա­նա­կին աչք փա­կած է այդ վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն վրայ, այ­սօր մենք կը փա­փա­քինք խո­նար­հիլ՝ ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: Ա­տոր հա­մար հար­կա­ւոր է ճիշդ բա­ռե­րով ը­սել, թէ ի՛նչ տե­ղի ու­նե­ցած է Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ 101 տա­րի ա­ռաջ: Այս յստա­կու­թեան չա­փա­զանց եր­կար սպա­սած են այդ զո­հե­րուն ժա­ռանգ­նե­րը»,- ընդգ­ծած է ­Նիե­թան:

Ան գոր­ծըն­կեր­նե­րուն կոչ ուղ­ղեց չմտա­ծե­լու, որ, ար­տա­սա­նե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը, կը վի­րա­ւո­րեն թուրք ժո­ղո­վուր­դը: «­Պայ­քա­րե­ցէ՛ք ա­նոր հա­մար, որ կրնաք այդ բա­ռը հնչեց­նել, ո­րով­հե­տեւ ա­տի­կա պա­տաս­խա­նատ­վու­թեան հաս­նե­լու միակ ու­ղին է: ­Թուր­քիոյ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ար­դէն ա­ւե­լի շատ կը խօ­սին այս թե­մա­յին մա­սին, որ նոր յոյ­սեր կու տայ հայ եւ թուրք ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հաշ­տեց­ման առն­չու­թեամբ»,- եզ­րա­փա­կած է պատ­գա­մա­ւո­րը: