Ար­ժան­թի­նի Էնտ­րէ ­Ռիոս նա­հան­գը հաս­տա­տած է օ­րէնք մը, որ Ար­ժան­թի­նի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման Օ­րը կը սահ­մա­նէ իբ­րեւ «­Հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մի­ջեւ յար­գան­քի օր»:
31 ­Մա­յի­սին տե­ղի ու­նե­ցած է նաեւ Էնթ­րէ ­Ռիո­սի նա­հան­գա­պե­տի տե­ղա­կալ, նա­հան­գի ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գահ Ա­տան Ում­պեր­թո­յի, ծե­րա­կու­տա­կան ­Լու­քաս ­Լա­րա­թէի,

­Ծե­րա­կոյ­տի ի­րա­ւա­կան հար­ցե­րու յանձ­նա­խում­բի ղե­կա­վա­րի հան­դի­պու­մը ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ ­Նի­քո­լա ­Սա­պուն­ճեա­նի եւ ­Ճորճ ­Տոլ­մար­ճեա­նի հետ:
­Պո­ւէ­նոս Այ­րե­սի մէջ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Նի­քո­լա ­Սա­պուն­ճեան նշած է, որ Ար­ժան­թի­նի կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման օ­րէն­քին որ­դեգ­րու­մէն տա­սը տա­րի ետք կա­րե­ւոր է, որ ­Ծե­րա­կոյ­տը նոյն­պէս միա­ցած է այդ ու­ղիին, որ Ար­ժան­թի­նը բռնած է` դառ­նա­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պայ­քա­րի յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րէն: