Բանաձեւը ընդունուեցաւ ունենալով ընդամէնը մէկ դէմ, մէկ ձեռնպահ ձայն:
Ելոյթ ունեցողները միաձայն ընդգծեցին անցեալի հետ առերեսման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման գործընթացին նպաստելու մղումները:
Պունտեսթակի մէջ բարձրաձայնուած է Օսմանեան Թուրքիոյ ոճրագործութեան մասին` նշելով, որ Գերմանիոյ քայլը ոչ թէ հայց է եւ մեղադրանք, այլ խոնարհում զոհերու յիշատակին առջեւ:
Պունտեսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթը յայտարարած է խիզախութեան դրսեւորման եւ անցեալի մութ էջերու հետ առերեսուելու անհրաժեշտութեան մասին: «Անցեալի հետ առերեսումը մեզի համար կրնայ ցաւոտ ըլլալ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կրնայ ըլլալ ազնիւ եւ ինքնաքննադատական մօտեցում սեփական անցեալին նկատմամբ:
Ատիկա կարեւոր է այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու կառուցման տեսանկիւն, որուն համար պէտք է խիզախութիւն` փոխըմբռնման եւ հաշտեցման հասնելու համար»,-«Արմենփեսե»ի հաղորդմամբ` ըսած է Լամերթը:
Բանաձեւը համատեղ կազմած եւ ներկայացուցած են Քրսիտոնէա-ժողովրդավարական միութիւն (CDU) եւ Քրիստոնէական-ընկերվարական միութիւն (CSU), ընկերվար-ժողովրդավարական (SDP) եւ ընդդիմադիր Կանաչներու կուսակցութիւնները: