Եւրոդատարանի նախկին նախագահ Ժան-Փոլ Քոսթա արդէն աւարտած է Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի մշակման աշխատանքները: Այս մասին NEWS.amի թղթակիցին յայտնած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները
համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
«Այժմ մենք արդէն աշխատանքային ժողովներ կ՚իրականացնենք: Երբ աւարտենք փորձագիտական աշխատանքները, պարզ կ՚ըլլայ` այս օրէնքը կրնա՞նք ներկայացնել խորհրդարան, թէ՞ ոչ: Մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ սահմանադրական ուժ կ՚ունենա՞յ այս օրինագիծը, թէ՞ ոչ,- ըսաւ Մուրատ Փափազեան` նշելով, որ այս փուլը կ՚աւարտեն մինչեւ Մայիսի վերջը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ բարձրացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրէնքի ընդունման հարցը: Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի մշակման աշխատանքները կը կատարէ Եւրոդատարանի նախկին նախագահ Ժան-Փոլ Քոսթա: