altՀ.Յ.Դ. ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան եւ Ա­րեւմտեան շրջան­նե­րու ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ­Հայկ Օ­շա­կան եւ ­Տա­րօն ­Տէր-­Խա­չա­տու­րեան, ինչ­պէս նաեւ Ա­րեւմ­տեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ­Ռաֆ­ֆի ­Համ­բա­

րեան ու Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կա­ռա­վա­րա­կան հար­ցե­րու վա­րիչ ­Քէյթ ­Նա­հա­պե­տեան, մայ­րա­քա­ղաք Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, հան­դի­պում մը ու­նե­ցած են Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ ­Ճէյմզ Ո­ւոր­լի­քի հետ, քննե­լու հա­մար ատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րը։

Ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը դար­ձեալ պա­հան­ջած են ա­մե­րի­կեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն, որ խստօ­րէն դա­տա­պար­տեն ատր­պէյ­ճա­նա­կան բռնա­րարք­նե­րը եւ պա­տե­րազ­մը ըն­դար­ձա­կե­լու նպա­տա­կով կա­տա­րո­ւող սպառ­նա­լիք­նե­րը՝ միա­ժա­մա­նակ շեշ­տե­լով, որ «­Լի­հիի օ­րէնք»ով հե­տաքն­նու­թիւն բա­ցո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նին դէմ, ա­նոր տրա­մադ­րո­ւող ռազ­մա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րը կա­սեց­նե­լու նպա­տա­կով։

­Յատ­կա­պէս լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւած է այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ Ո­ւա­շինկ­թըն կը շա­րու­նա­կէ լուռ մնալ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի բնակ­չու­թիւ­նը ռմբա­կո­ծե­լու մա­սին Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Զե­քիր ­Հա­սա­նո­վի սպառ­նա­լի­քին դէմ։
Ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան ղե­կա­վար­նե­րը նաեւ պա­հան­ջած են Ո­ւա­շինկ­թը­նէն, որ ա­պա­հո­վէ քոնկ­րէ­սա­կան­ներ ­Ռոյ­սի եւ Էն­կը­լի սահ­մա­նած պայ­ման­նե­րուն ի­րա­գոր­ծու­մը. Ա­նոնք են՝
- Ար­ձա­կա­զէն­նե­րու եւ ծանր զէն­քե­րու հե­ռա­ցու­մը շփման գի­ծէն.
- Ե.Ա.Հ.Կ.ի յա­ւե­լեալ դէ­տե­րու հաս­տա­տում սահ­մա­նին վրայ.
- Ե.Ա.Հ.Կ.ի հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող եւ յար­ձա­կում­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն բա­ցա­յայ­տե­լու նպաս­տող սար­քե­րու տե­ղադ­րում։

90 վայր­կեան տե­ւած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին նաեւ շեշ­տո­ւած է, թէ ատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րը կրկնա­պատ­կած են Ար­ցա­խին զօ­րակ­ցե­լու ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան կամ­քը։ ­Նաեւ՝ ա­նըն­դու­նե­լի նկա­տուած է նման յար­ձա­կում­նե­րու եւ սպառ­նա­լիք­նե­րու ներ­քեւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու ընտ­րան­քը։