Print
Category: Հայ Դատ

­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ, տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պի վար­չու­թե­նէն «Ար­մէնփ­րես»ին յայտ­նած են, որ Ս­պա­նիոյ ­Թա­գա­ւո­րու­թեան եր­կու քա­ղաք­ներ` ­Փո­ւեն­թէ ­Խե­նիլ եւ ­Ռո­տա տէ Ան­տա­լու­սիա քա­ղաք­նե­րը 5 Ապ­րի­լին պաշ­տօ­նա­ պէս ճանչ­ցած են ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

Եր­կու քա­ղաք­նե­րուն մէջ հա­մա­պա­տաս­խան բա­նա­ձե­ւե­րը որ­դեգ­րո­ւած են քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ միա­ձայ­նու­թեամբ:

­Հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­նե­րու որ­դեգր­ման յա­ջոր­դած ե­լոյթ­նե­րուն մէջ, ­Փո­ւեն­թէ ­Խե­նի­լի եւ ­Լա ­Ռո­տա տէ Ան­տա­լու­սիա­յի քա­ղա­քա­պե­տե­րը շեշ­տած են այդ ո­րո­շում­նե­րու կան­խար­գե­լիչ բնոյ­թը, մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ան­ժամ­կէտ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը եւ ա­նոնց քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան տա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: