Print
Category: Հայ Դատ

altԱ­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Հաուայ նա­հան­գի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տու­նը որ­դեգ­րեց ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­ցող թիւ 167 բա­նա­ձե­ւը:

 

 

­Հաո­ւա­յը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու եօթ­նե­րորդ նա­հանգն է, որ կը ճանչ­նայ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը: ­Նախ­քան ­Հաո­ւա­յը նոյն­պի­սի բա­նա­ձե­ւեր որ­դեգ­րած էին ­Քա­լի­ֆոր­նիա, ­Լո­ւի­զիա­նա, ­Ռոտ Այ­լընտ, ­Մա­սա­չու­սեց եւ ­Ճոր­ճիա նա­հանգ­նե­րու օ­րէնս­դիր մար­մին­նե­րը:

­Միա­ձայ­նու­թեամբ որ­դեգ­րո­ւած բա­նա­ձե­ւը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կոչ կ­՛ուղ­ղէ ճանչ­նա­լու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ իբ­րեւ ան­կախ, ա­զատ եւ գե­րիշ­խան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան:
Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը մատ­նան­շէ այն հե­տաքրք­րա­կան փաս­տը, որ ի հե­ճուկս ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թեան կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ճնշու­մին, բա­նա­ձե­ւին քո­ւէար­կու­թիւնն ու որ­դեգ­րու­մը տե­ղի ու­նե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի Ո­ւա­շինկ­թըն կա­տա­րե­լիք այ­ցե­լու­թե­նէն 24 ժամ ա­ռաջ:

Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ա­րեւմտեան շրջա­նի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Է­լեն Ա­սատ­րեան նշեց.- «Այ­սօր ­Հաո­ւայ նա­հան­գի ժո­ղո­վուր­դը կանգ­նե­ցաւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ան­կա­խու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան կող­քին` ա­մուր կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րե­լով ընդ­դէմ այն ու­ժեղ լոպ­պիա­կան աշ­խա­տան­քին, որ նպա­տակ ու­նէր ոտ­նա­հա­րե­լու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ գե­րիշ­խա­նու­թեան ա­մե­րի­կեան ու հայ­կա­կան հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րը: Սր­տանց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն կը յայտ­նենք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ Ան­կուս ­Մըք­քե­լո­ւիին եւ ­Ճոն ­Մի­զու­նո­յին` այս ջան­քե­րը գլխա­ւո­րե­լու, ինչ­պէս նաեւ ամ­բողջ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան` այս­պի­սի դիր­քո­րո­շում որ­դեգ­րե­լու հա­մար»:

Է. Ա­սատ­րեան «­Նիուզ»ին յայտ­նեց.- «­Պատ­մա­կան այս բա­նա­ձե­ւը ­Հաո­ւա­յի նա­հան­գի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան կող­մէ որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ միա­ձայ­նու­թեամբ: ­Բա­նա­ձե­ւը մեր կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած է եր­կու շա­բաթ ա­ռաջ, թէեւ կարգ մը փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցաւ, բայց եւ այն­պէս, հոն կը նշո­ւի, որ կը ճանչ­նայ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը իբ­րեւ ա­զատ, ան­կախ, գե­րիշ­խան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան: ­Նաեւ՝ բա­նա­ձե­ւը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին եւ ­Քոնկ­րէ­սին, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին կոչ կ­՛ուղ­ղէ նոյ­նը ը­նե­լու, այ­սինքն` ճանչ­նա­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թիւ­նը»:

Ըստ ա­նոր՝ վեր­ջին շրջա­նին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը հսկա­յա­կան ճնշում­ներ կը գոր­ծադ­րէր հա­յա­մէտ բա­նա­ձե­ւե­րու դէմ, Ատր­պէյ­ճա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սը քա­ղա­քէ-քա­ղաք կը շրջէր, սա­կայն յա­ջո­ղե­ցանք յաղ­թա­հա­րել զա­նոնք եւ բա­նա­ձե­ւը որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ միա­ձայ­նու­թեամբ:

«­Յատ­կան­շա­կան է, որ բա­նա­ձե­ւը որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ այ­ցե­լու­թե­նէն մէկ օր ա­ռաջ: Ան­կեղ­ծօ­րէն, հի­մա մեր գոր­ծը քիչ մը դիւ­րա­ցած է՝ այն ա­ռու­մով, որ վեր­ջին շրջա­նին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի ու ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թեան մա­սին այն­քան բա­ցա­սա­կան տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն տա­րա­ծո­ւած է, որ այդ երկ­րին մա­սին ընդ­հա­նուր պատ­կե­րա­ցում­նե­րու լոյ­սին տակ ա­ւե­լի դիւ­րին կ­՛ըլ­լայ քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու հետ աշ­խա­տի­լը»,- ընդգ­ծեց Է. Ա­սատ­րեան: