Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգի Ներկայացուցիչներու Տունը որդեգրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող թիւ 167 բանաձեւը:
Հաուայը Միացեալ Նահանգներու եօթներորդ նահանգն է, որ կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Նախքան Հաուայը նոյնպիսի բանաձեւեր որդեգրած էին Քալիֆորնիա, Լուիզիանա, Ռոտ Այլընտ, Մասաչուսեց եւ Ճորճիա նահանգներու օրէնսդիր մարմինները:
Միաձայնութեամբ որդեգրուած բանաձեւը միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը՝ իբրեւ անկախ, ազատ եւ գերիշխան ժողովրդավարութեան:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը մատնանշէ այն հետաքրքրական փաստը, որ ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան կողմէ գործադրուած ճնշումին, բանաձեւին քուէարկութիւնն ու որդեգրումը տեղի ունեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Ուաշինկթըն կատարելիք այցելութենէն 24 ժամ առաջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեան նշեց.- «Այսօր Հաուայ նահանգի ժողովուրդը կանգնեցաւ Արցախի ժողովուրդին անկախութեան եւ ազատութեան կողքին` ամուր կեցուածք որդեգրելով ընդդէմ այն ուժեղ լոպպիական աշխատանքին, որ նպատակ ունէր ոտնահարելու ժողովրդավարութեան եւ գերիշխանութեան ամերիկեան ու հայկական հիմնարար սկզբունքները: Սրտանց երախտագիտութիւն կը յայտնենք ներկայացուցիչներ Անկուս Մըքքելուիին եւ Ճոն Միզունոյին` այս ջանքերը գլխաւորելու, ինչպէս նաեւ ամբողջ Ներկայացուցիչներու Տան` այսպիսի դիրքորոշում որդեգրելու համար»:
Է. Ասատրեան «Նիուզ»ին յայտնեց.- «Պատմական այս բանաձեւը Հաուայի նահանգի Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ: Բանաձեւը մեր կողմէ ներկայացուած է երկու շաբաթ առաջ, թէեւ կարգ մը փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ, բայց եւ այնպէս, հոն կը նշուի, որ կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը իբրեւ ազատ, անկախ, գերիշխան ժողովրդավարութեան: Նաեւ՝ բանաձեւը Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրէսին, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ նոյնը ընելու, այսինքն` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը»:
Ըստ անոր՝ վերջին շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը հսկայական ճնշումներ կը գործադրէր հայամէտ բանաձեւերու դէմ, Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը քաղաքէ-քաղաք կը շրջէր, սակայն յաջողեցանք յաղթահարել զանոնք եւ բանաձեւը որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ:
«Յատկանշական է, որ բանաձեւը որդեգրուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Միացեալ Նահանգներ այցելութենէն մէկ օր առաջ: Անկեղծօրէն, հիմա մեր գործը քիչ մը դիւրացած է՝ այն առումով, որ վերջին շրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ատրպէյճանի ու անոր ղեկավարութեան մասին այնքան բացասական տեղեկատուութիւն տարածուած է, որ այդ երկրին մասին ընդհանուր պատկերացումներու լոյսին տակ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ քոնկրէսականներու հետ աշխատիլը»,- ընդգծեց Է. Ասատրեան: