Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ աշխատակիցները, Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբը խորապէս սրտնեղած են Պրիւքսելի եւ Զաւենթեմի միջազգային օդակայանի այսօրուան ահաբեկչական ցաւալի յարձակումներէն:
Ապահով ենք, սակայն վրդոված: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք հեռաձայնեցին եւ զօրակցական պատգամներ ուղարկեցին: Կը ցաւակցինք անմեղ կեանքերու կորուստին, եւ մեր մտածումները եւ աղօթքները կ’ուղղենք անոնց ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն:
Այսօրուան աշխարհին մէջ վայրագութիւնը եւ ատելութիւնը տեղ չունին…: Եւրոպայի տարածքին մեր ամբողջ կազմակերպութիւններուն անունով, մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Պելճիքայի թագաւորութեան եւ համայն բնակչութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ այս վախկոտ արարքները յաղթահարելու մէջ:
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ, գրասենեակ
Հ.Յ.Դ. Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբ