Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Արցախ գտնուող Պելճիքայի Ծերակոյտի առաջին փոխ-նախագահ Քարլ Ֆոնլաուվեն, Ֆլանտրիոյ խորհրդարանի անդամներ Քարիմ ֆոն Օվերմէյըր, Վարտ Քեննես, Մարք Հենտրիքս եւ փրոֆ. Փոլ Միրթս 17 Մար
տին տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը «Փարք Հոթել Արցախ»ի մէջ:
Ներկայ գտնուած են նաեւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի անդամ Հեղինէ Էւինեան: Պելճիքայի Ծերակոյտի առաջին փոխ-նախագահ Քարլ Ֆոնլաուվեն իր խօսքին մէջ նշած է, որ Արցախ այցելութեան նպատակը ճանաչողական է:
«Մենք` իբրեւ քաղաքական գործիչներու, որեւէ քայլ առնելէ եւ որոշում տալէ առաջ, պէտք է լաւապէս տիրապետենք իրավիճակին եւ պատկերացում կազմենք իրողութեան վերաբերեալ: Մենք գիտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը գտնուի անարդարացի մեկուսացման մէջ, եւ մեր պարտականութիւնը կը նկատենք յստակ քայլելով, առանց միջամտելու որեւէ քաղաքական գործընթացներու, որոնք մասնաւորապէս Մինսքի Խմբակի շրջանակներուն մէջ կը կատարուին, աջակցիլ ժողովուրդին առօրեայ կեանքին, նպաստել զարգացման այնպիսի բնագաւառներու, որոնք են կրթութիւնը, մշակոյթը, մարդասիրական մարզը, առողջապահութիւնը եւ այլն»:
Պելճիքայի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հաւանական ճանաչման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Վարտ Քեննես ըսած է.- «Նկատի ունենալով, որ մենք կը խօսինք պաշտօնական նախաձեռնութիւններու մասին, կը կարծեմ, թէ աւելի կարեւոր է յստակ քայլերու ձեռնարկելը` փոխ-յարաբերութիւններ հաստատելու առումով, քան Ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու հարցը: Յստակ գործողութիւններով մենք կրնանք աւելի օգտակար ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղին»,- յայտնած է ան: