alt«Ե­ղեռն` Ե­ղեռ­նէն ետք» ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի շրջի Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին: «Արﬔնփրես»­ի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին այս մա­սին նշած է Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու ­Պե­տօ ­Տէﬕրճեան: «Ծ­րա­գիր կայ, ո­րուն հա­մա­ձայն «Ե­ղեռն` Ե­ղեռ­նէն ետք»

ցուցա­հան­դէ­սը պէտք է ներ­կա­յա­ցո­ւի Եւ­րո­պա­յի այլ եր­կիր­նե­րու մէջ:

Ծ­րագրման փու­լի մէջ ենք, կը նա­խընտ­րեմ դեռ չը­սել, թէ ո՞ր եր­կիր­նե­րու մէջ ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ պի­տի ըլ­լան, բայց երբ յստակ ըլ­լայ, բնա­կա­նա­բար, տե­ղե­կատուութիւն պի­տի տա­րա­ծո­ւի: Այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին պի­տի ըլ­լան»,- ­նշած է ան: «Ե­ղեռն` Ե­ղեռ­նէն ետք» ցու­ցա­հան­դէ­սը ­Փետ­րո­ւար 29էն­ ­Մարտ 4­ ներ­կա­յա­ցուած է Եւ­րա­խորհր­դա­րա­նին մէջ:

«Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին մէջ ցու­ցա­հան­դէ­սը շատ յա­ջող ան­ցաւ, պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Մարտ 1­ին: ­Մէկ շա­բաթ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին մէջ ցուցադրուե­ցան 32 ﬔծ ­լու­սան­կար­նե­րը, ո­րոնք ստեղ­ծո­ւած էին յու­շար­ձա­նա­գէտ ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեա­նի ղե­կա­վա­րած կա­ռոյ­ցին կող­մէ: ­Շուրջ 1000էն­ ա­ւե­լի այ­ցե­լու­ներ ե­ղան»,- ­շեշ­տած է ­Տէﬕրճեան` ա­ւելց­նե­լով, որ ցու­ցա­հան­դէ­սը ﬔծ ­հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է:

­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100­րդ ­տա­րե­լի­ցի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս ի­րա­կա­նա­ցո­ւած «Ե­ղեռն` Ե­ղեռ­նէն ետք» ծրագ­րի հա­մար Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան «­Հայ­կեան» յա­տուկ մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցու­ցած է պատ­մա­բան, յու­շար­ձա­նա­գէտ ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեա­նը: