­altՀ.Յ.Դ. Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը հա­ղոր­դէ, թէ Եր­կու­շաբ­թի՝ ­Մարտ 7ին, ­Քըն­թա­քիի նա­հան­գա­յին ­Ծե­րա­կոյ­տին մէջ, կա­րե­լի ե­ղած է ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել թիւ 168 բա­նա­ձե­ւը, որ կը փոր­ձէր Ար­ցախ-Ատր­պէյ­ճան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ա­ղա­ւա­

ղո­ւած կեր­պով ներ­կա­յաց­նել։ Ար­դա­րեւ, ան­սա­լով ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կո­չին՝ նա­հան­գի հայ հա­մայն­քի քա­նի մը տաս­նեակ ան­դամ­ներ դի­մած էին ի­րենց նա­հան­գա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, բա­ցատ­րե­լու հա­մար պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը խա­թա­րո­ւած ձե­ւով ներ­կա­յաց­նե­լու մի­տող այս բա­նա­ձե­ւի փոր­ձին ծալ­քե­րուն մա­սին, այս­պի­սով՝ ա­պա­հո­վե­լով բա­նա­ձե­ւին տա­պա­լու­մը։

Այս յստա­կա­ցում­նե­րուն շնոր­հիւ, ­Քըն­թա­քիի նա­հան­գա­յին ­Ծե­րա­կոյ­տի նա­խա­գա­հը ­Մարտ 7ին ո­րո­շեց օ­րա­կար­գէն հա­նել այդ բա­նա­ձե­ւին քննար­կու­մը։

«­Քըն­թա­քիի հա­կա­հայ բա­նա­ձե­ւին ձա­խո­ղու­թիւ­նը դար­ձեալ ցոյց տո­ւաւ, որ ժո­ղովրդա­վա­րա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը կրնան դրա­կան ար­դիւնք­նե­րու հասցնել, միա­ժա­մա­նակ փաս­տե­լով, որ նա­հան­գա­յին ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րը կը մեր­ժեն նա­հան­գի ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լու եւ ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ չա­րա­փո­խե­լու ջան­քե­րը, յատ­կա­պէս երբ մի­ջամ­տո­ղը Իլ­համ Ա­լիե­ւի նման բռնա­տէր մըն է»,- կը յայտ­նէ Ա­րե­ւե­լեան Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի հա­ղոր­դակ­ցու­թեանց եւ հա­մայն­քա­յին կա­պե­րու վա­րիչ Ար­թուր ­Մար­տի­րո­սեան։ Ն­շենք, որ թիւ 168 բա­նա­ձե­ւը ­Մարտ 1ին ներ­կա­յա­ցո­ւած էր ­Քըն­թա­քիի նա­հան­գա­յին ­Ծե­րա­կոյ­տին, ա­նոր ան­դամ­նե­րէն՝ ­Տէյ­մըն ­Թէ­յը­րի կող­մէ։