altՓետ­րո­ւար 29էն մին­չեւ ­Մար­տի 4, Պ­րիւք­սէլ՝ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին մէջ, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ «Ե­ղեռն՝ Ե­ղեռ­նէն ետք» խո­րագ­րով ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն 32 պաս­տառ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նէին Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի յու­շար­ձան­նե­րը, զորս ոչն­չա­

ցու­ցած են եւ կը շա­րու­նա­կեն ոչն­չաց­նել թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը։

«Ե­ղեռն՝ Ե­ղեռ­նէն ետք» խո­րագ­րով ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պած էր «­Հո­գու ­Պարտք» ­Հայ­րե­նա­գի­տա­կան ­Հա­սա­րա­կա­կան ­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ ­Հայ­կա­կան ­Ճար­տա­րա­պե­տու­թիւնն Ու­սում­նա­սի­րող ­Հիմ­նադ­րա­մի (Հ.Ճ.Ո.Հ.) ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Ա­նի­կա կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մին յատ­կա­ցու­ցած դրա­մաշ­նոր­հի եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի յայ­տա­րա­րած մրցոյ­թի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին մէջ ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Հայ ­Դա­տի Գ­րա­սե­նեա­կին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար։

­Ցու­ցա­հան­դէ­սը մին­չեւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րան հաս­նի­լը ներ­կա­յա­ցո­ւած էր Ե­րե­ւա­նի, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի, Ի­ջե­ւա­նի եւ ­Վա­նա­ձո­րի մէջ։

Հ.Ճ.Ո.Հ.ի ղե­կա­վար ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեան կը նշէ, թէ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տակն է ցոյց տալ, որ 1915 թո­ւա­կա­նէն ի վեր մեր պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է մշա­կու­թա­յին ե­ղեռն եւ մին­չեւ օրս ալ ըն­թաց­քի մէջ է։ Պրն. ­Կա­րա­պե­տեա­նի խօս­քով՝ որ­պէս­զի մէկ բան պահ­պա­նենք, պէտք է կա­րո­ղա­նանք ա­նոր գո­յու­թեան մա­սին լուր ու­նե­նալ։ ­Հայ ազ­գի ներ­կայ սե­րունդ­նե­րը պար­տա­ւոր են տե­ղեակ ըլ­լա­լու մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, եւ ե­թէ ա­նոնց վտանգ սպառ­նա­ցած է կամ կը սպառ­նայ, մեր պարտքն է աշ­խար­հին հնա­րա­ւո­րինս ի­րա­զե­կել մշա­կու­թա­յին ե­ղեռ­նի մա­սին։ Այն, ինչ ոչն­չա­ցո­ւած է մեր հայ­րե­նի­քին մէջ ան­ցած դա­րու ըն­թաց­քին, ոչ միայն մեր ցաւն է, այ­լեւ աշ­խար­հի, քա­նի որ հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րանն է, որ կո­րուստ­ներ ու­նե­ցած է։

­Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յա­ցո­ւած պաս­տառ­նե­րէն մէ­կուն մէջ պատ­կե­րո­ւած է ­Վա­նայ լի­ճի ­Լիմ կղզիին վրայ գտնո­ւող ­Սուրբ ­Գէորգ վան­քը, ո­րու հիմ­նադ­րու­մը ա­ւան­դա­բար կը վե­րագ­րո­ւի Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չին, սա­կայն գրա­ւոր ա­ռա­ջին վկա­յու­թիւ­նը 884 թո­ւա­կա­նէն է։ 1235, 1288 եւ 1301 թ.թ. վան­քին մէջ ստեղ­ծո­ւած ձե­ռագ­րե­րուն մէջ յի­շա­տա­կու­թիւն­ներ կան հոն գո­յու­թիւն ու­նե­ցած ­Սուրբ Եհ­նայ, ­Սուրբ Ն­շան, ­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին, ­Սուրբ ­Կա­րա­պետ եւ ­Սուրբ ­Գէորգ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մա­սին։ Ե­կե­ղե­ցին հիմ­նո­վին վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած է 1305 թ.։ 2004 թ. դրու­թեամբ խիստ քայ­քա­յո­ւած, սա­կայն դեռ եւս կան­գուն էր միայն գա­ւի­թը։

­Կար­սի մար­զի ­Կաղ­զո­ւան գա­ւա­ռի Ծպ­նի գիւ­ղի կեդ­րո­նա­կան մա­սին վրայ կը գտնո­ւի, կա­ռու­ցո­ւած՝ խա­չա­ձեւ գմբե­թա­ւոր յօ­րի­նո­ւած­քով, Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին։ ­Գոր­ծած է մին­չեւ 1920 թ.։ Ե­կե­ղե­ցին 1940-1950ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն կէ­սը քան­դած եւ վե­րա­ծած են մզկի­թի։

Այս­պի­սի օ­րի­նակ­նե­րը շատ են։ ­Հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծո­ւած հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան յու­շար­ձան­նե­րը թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ոչն­չա­ցու­ցած են տա­րի­ներ շա­րու­նակ՝ նախ որ­պէս թի­րախ օգ­տա­գոր­ծե­լով զի­նա­վար­ժու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ա­պա կեղծ լու­րեր տա­րա­ծե­լով, թէ իբր հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու որ­մե­րուն ոս­կի­ներ պա­հո­ւած են, կը խրա­խու­սեն զա­նոնք քան­դել։ ­Մին­չեւ 1915 թ. Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յին մօտ 170 հա­զար յու­շար­ձան, ո­րոնց միայն 2-3 տո­կո­սը պահ­պա­նո­ւած է ներ­կա­յիս։

ԼԻԼԻԹ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ - irates.am