Print
Category: Հայ Դատ

altՃոր­ճիա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Ճոր­ճիա­յի նա­հան­գա­յին խորհր­դա­րա­նը Մարտ 3ին վա­ւե­րա­ցու­ցած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­ցող թիւ 1580 բա­նա­ձե­ւը։ Բա­նա­ձե­ւին գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւոր­նե­րը ե­ղած են Ճոր­ճիա­

յի նա­հան­գա­յին խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ Փեթ Կարտ­նըր եւ Տե­մեթ­րիուս Տակ­լըս:

Ն­շենք, որ Քա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գա­յին խորհր­դա­րանն ու Ծե­րա­կոյ­տը ան­ցեալ տա­րի վա­ւե­րա­ցու­ցած էին նման բա­նա­ձեւ մը: Ցարդ, Մե­սե­չու­սեց, Ռոտ Այ­լընտ, Մէյն եւ Լո­ւի­զիա­նա նա­հանգ­նե­րը եւս Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան նե­ցուկ կանգ­նե­լու վե­րա­բերեալ բա­նա­ձե­ւեր վա­ւե­րա­ցու­ցած են։