Ճորճիայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ճորճիայի նահանգային խորհրդարանը Մարտ 3ին վաւերացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող թիւ 1580 բանաձեւը։ Բանաձեւին գլխաւոր հովանաւորները եղած են Ճորճիա
յի նահանգային խորհրդարանի անդամներ Փեթ Կարտնըր եւ Տեմեթրիուս Տակլըս:
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանն ու Ծերակոյտը անցեալ տարի վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը: Ցարդ, Մեսեչուսեց, Ռոտ Այլընտ, Մէյն եւ Լուիզիանա նահանգները եւս Արցախի անկախութեան նեցուկ կանգնելու վերաբերեալ բանաձեւեր վաւերացուցած են։