Գերմանական խորհրդարանին՝ Պունտեսթակի մէջ Փետրուար 25ին տեղի ունեցած է բուռն քննարկում՝ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը պարունակող բանաձեւին շուրջ: Քըննարկումը ընթացած է ծայրայեղ դիտարկումներով, քանի որ Կանաչները, որոնք փաստաթուղթին եւ քննարկման նախաձեռնութեան հեղինակներն են, դժգոհած են Պունտեսթակի` «Էրտողանը քաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ
չբարկացնել»ու եւ երբեմն լրբութեան հասնող քաղաքականութենէն:
Իշխանութեան գլուխը գտնուող համախոհութեան կառավարութեան երրեակի ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն մէջ նշած են, որ գաղթականներու ներկայ խնդիրներու ենթախորքին վրայ կարիք չկայ վտանգելու Թուրքիոյ հետ տարուող բանակցութիւնները: Ըստ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն` այժմ ամենէն պատեհ ժամանակը չէ այսպիսի խնդիր բարձրացնելու: Դահլիճէն, ի պատասխան նման մօտեցումներու, բարձրաձայն դժգոհած է Կանաչներու կուսակցութեան ղեկավար Ճէմ Էօզտէմիր` յայտարարելով, թէ “անցեալ տար- ւան Ապրիլ 24էն յետոյ Հայոց Ցեղասպանութեան եզրը պարունակող միասնական բանաձեւ մը պատրաստեցինք եւ մինչեւ հիմա կը սպասենք։ Ի վերջոյ՝ իրադարձութիւններէն ի վեր արդէն 100 տարի անցած է։ Քիչ մը յարգանք մենք՝ մեր նկատմամբ.
մեր իւրաքանչիւր ցանկութեան համար Թուրքիոյ աչքը պիտի չհամբուրենք։ Ժամանակ ուզեցիք, սպասեցինք մինչեւ հիմա։ Ներկայիս, Թուրքիա կը շարունակէ ընթանալ սխալ ուղղութեամբ. կը խօսին քաղաքակիրթ հասարակութեան մասին, բայց կը դատապարտեն ազատ խօսող լրագրողները, որոնցմէ շատերը ընկերներս են։ Եթէ իրօք մինչեւ Ապրիլ 24 նման փաստաթուղթ կազմուի երեք հիմնակէտերով, այդ պարագային կ՚ըսենք՝ այո, ձեզ հետ ենք։
Բայց վախնամ՝ երբ տուեալ պահը գայ, դուք դարձեալ ըսէք, որ այսինչ կամ այնինչ խոչընդոտը կայ” ըսած է Էօզտէմիր: Օրակարգէն դուրս` ելոյթներու միջեւ, նման հարց հնչած է նաեւ դահլիճէն, ուր ներկայ եղած է Գերմանիոյ վարչապետուհին՝ Անկելա Մերքէլն ալ, որ շարքէ շարք շրջելով, բուռն քննարկումներու ժամանակ, ըստ երեւոյթին՝ փորձած է «բան»ի մը մասին համոզել երեսփոխանները: “Այս բանաձեւը երկինքէն չինկաւ, տարիէ մը ի վեր կը քննարկենք զայն, հիմա յանկարծ տարակարծութիւններ կը հնչեն անոր շուրջ։ Ե՞րբ է ուրեմն քննարկման ճիշդ ժամանակը”, կրկին հարցուցած են դահլիճէն: Պատասխանած է իշխանութեան համախոհութենէն՝ SPD-էն Տիթմար Նիթան. “Երբ մենք իրօք վերջնապէս պատրաստ ըլլանք. ոչ թէ բովանդակութեան առումով, այլ՝ քաղաքական ծանր իրադրութեան բերումով այսօր ամենէն յարմար պահը չէ բանաձեւին քննարկման համար”։ Տիթմար Նիթան մէկն է իշխանութեան ճակատի այն երեսփոխաններէն, որոնք խօսք տուած են մինչեւ Ապրիլ 24 կրկին նստիլ սեղանի շուրջ` քննարկելու ու քուէարկութեան ներկայացնելու համար բանաձեւը իր նոր տարբերակով:
Տրամադրուած 45 վայրկեանէն աւելի տեւած քննարկման աւարտին, իշխանութեան ներկայացուցիչները յայտարարած են, թէ բանաձեւին այս տեսքով քուէարկութիւնը նպատակայարմար չէ ներկայի պայմաններուն մէջ: Ցեղասպանութեան հարցին մէջ ընդհանրապէս հայամէտ մօտեցում ունեցող Ձախերն ալ ձեռնպահ մնացած են` յայտարարելով, որ բանաձեւը այս տեսքով չի գոհացներ զիրենք, քանի որ անոր մէջ խիստ քօղարկուած ձեւով կը խօսուի Ցեղասպանութեան մասին: Անոնք յայտարարած են, թէ Ցեղասպանութեան մասին սեփական բանաձեւ պիտի ներկայացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին` Ապրիլ 24ին ընդառաջ:
Այս ամբողջէն ետք, Կանաչներու կուսակցութեան նախագահ Ճէմ Էօզտէմիր ալ համախոհութեան կառավարութեան ներկայացուցիչներուն ըսած է` “եթէ իրօք մինչեւ Ապրիլ 24 քուէարկութեան պիտի ներկայացուի նոր բանաձեւ, որ պիտի ընդգրկէ հիմնական երեք դրոյթները, այդ պարագային ես ետ կը քաշեմ մեր ներկայացուցած բանաձեւը”։
Նախապայման հանդիսացող հիմնական երեք դրոյթները հետեւեալներն են.
1.- Յստակ բնագրով յայտարարել, որ 1915ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն են:
2.- Գերմանիան մեղսակից է այդ իրադարձութիւններուն:
3.- Գերմանիա յանձնառու կ՚ըլլայ նպաստելու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ նոր սկիզբ դնելու: Այսպէսով, Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին քուէարկութիւնը յետաձգուած է, ընդդիմադիր Կանաչներուն եւ իշխանութեան երրեակին միջեւ ձեռք ձգուած այդ համաձայնութեամբ: Հիմա պէտք է սպասել մինչեւ Ապրիլ
«Նոր Յառաջ»