Փետրուար 24ին Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը: Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախագիծները ներկայացուցած են Գերմանիոյ խորհրդարանի Ձախերու (Die Linke) եւ Կանաչներու (Die GrՖne) կուսակցութիւնները: Փետրուար 24ին խորհրդարա
նական քննարկումներու ժամանակ այդ նախագիծներու քննարկման համար պիտի տրամադրուի 38 վայրկեան:Անցեալ տարի Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային կոտորածները բնութագրած էր որպէս ցեղասպանութիւն: Թեմային առնչութեամբ համատեղ օրինագիծ մշակելու նպատակով՝ իշխանութիւնն ու ընդդիմադրութիւնը որոշում կայացուցած էին նախագիծները արտաքին յարաբերութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովին փոխանցելու մասին: