«Անցեալ տարի յատուկ հանդիպումներ ունեցանք Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան արտաքին օժանդակութեան բաժինին հետ, որ կը զբաղի փախստականներու վերաբնակեցման աշխատանքներով: Մեր մտահոգութիւնները յայտնեցինք՝ շեշտելով, թէ բաւարար օգնութիւն չի ցուցաբերուիր Սուրիայէն Հայաստան հաստատուած գաղթականներուն:
Մենք կը փորձենք լուծումներ գտնել, թէ ինչպէ՞ս Ամերիկա կրնայ օժանդակել, յատկապէս՝ օգնել թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այն հայ ընտանիքներուն, որոնք վերաբնակեցուած են. օգնե՛նք անոնց, գոնէ՝ բնակարանի վարձքի ծախսերը փակելու գծով»,- յայտնած է Չուլճեան: