altԵւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վի ձմեռ­նա­յին նստաշր­ջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած եր­կու հա­կա­հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւե­րու նա­խա­գի­ծե­րու քննարկ­ման վե­րա­բե­րեալ (ո­րոնց­մէ մէ­կը ըն­դու­նո­ւե­ցաւ, միւ­սը` ոչ), Ար­ցախ լոյս տես­նող «Ա­պա­ռաժ» թեր­թը զրու­ցած է Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­

պետ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեա­նի հետ:

«ՀՅԴ Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի յանձ­նա­խում­բը մին­չեւ վեր­ջին վայր­կեան­նե­րը կը պայ­քա­րէր, որ­պէս­զի այդ եր­կու հա­կա­հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւե­րը մեր­ժո­ւին: Յա­մե­նայն դէպս, բրի­տա­նա­ցի պատ­գա­մա­ւոր Ռո­պերթ Ո­ւոլ­թե­րի ներ­կա­յա­ցու­ցած «Բռ­նու­թիւն­նե­րու ա­ճը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի այլ գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րուն մէջ» զե­կոյ­ցը մեր­ժո­ւած է: Այս բա­նա­ձե­ւը ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր էր մե­զի հա­մար, քա­նի որ բա­նա­ձե­ւի նա­խա­գի­ծին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած էին հայ­կա­կան կող­մի հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի շարք մը կէ­տեր, ուր կոչ կըլ­լայ՝ «դուրս բե­րել հայ­կա­կան զի­նու­ժը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղէն եւ Ատր­պէյ­ճա­նի միւս գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րէն, հաս­տա­տել այդ տա­րածք­նե­րուն մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի լիա­կա­տար ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը»: Այդ զե­կոյ­ցը, փաս­տօ­րէն, Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ կազ­մո­ւած է, եւ ու­նի զուտ քա­ղա­քա­կան բո­վան­դա­կու­թիւն,- նշած է Գ. Կա­րա­պե­տեան եւ ա­ւել­ցու­ցած,- Մ. Մար­քո­վի­չի ներ­կա­յա­ցու­ցած «Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­մա­նա­մերձ շրջան­նե­րու բնակ­չու­թիւ­նը մի­տում­նա­ւոր զրկուած է ջու­րէ» զե­կոյ­ցը ա­ւե­լի հու­մա­նի­տար (մար­դա­սի­րա­կան) հարց է, սա­կայն, չնա­յած ա­տոր, Մ. Մար­քո­վիչ մէկ պար­բե­րու­թեամբ փոր­ձած է քա­ղա­քա­կա­նի վե­րա­ծել զայն: Այդ զե­կոյ­ցը ըն­դու­նուած է, ո­րով­հե­տեւ այն ա­ւե­լի եւ­րո­պա­կան հարց է եւ հիմ­նո­ւած է զօր­քե­րը դուրս բե­րե­լու նախ­կին բա­նա­ձե­ւին վրայ, որ գո­յու­թիւն ու­նէր ար­դէն Եւ­րո­պա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վին մէջ»:

«­Հե­տե­ւե­լով Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ հա­կա­հայ­կա­կան զե­կոյց­նե­րու քննարկ­ման` հա­մո­զո­ւած եմ, որ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը մեծ մա­սամբ քո­ւէար­կած են ա­ռանց ճշմար­տու­թիւ­նը գիտ­նա­լու եւ հար­ցի ի­րո­ղու­թիւ­նը ճշդե­լու: Ընդ­հա­նուր այդ պատ­կե­րը կը տի­րէր այ­սօր Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ»,- շեշ­տած է Գ. Կա­րա­պե­տեան:

Դեկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը, երբ յայտ­նի դար­ձաւ, որ Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ պի­տի քննար­կո­ւին այդ զե­կոյց­նե­րը, Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը այդ ուղ­ղու­թեամբ լուրջ աշ­խա­տանք ծա­ւա­լեց եւ շարք մը եր­կիր­ներ այ­ցե­լեց` հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լով Հայ Դա­տի տե­ղա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րուն եւ տո­ւեալ եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

Գ. Կա­րա­պե­տեան նաեւ նշած է, որ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինս­քի Խմ­բա­կը, որ­պէս ման­դատ (լիա­զօ­րու­թիւն) ու­նե­ցող միակ կազ­մա­կեր­պու­թիւն, պի­տի շա­րու­նա­կէ զբա­ղո­ւիլ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծով, եւ ու­րիշ ո­րե­ւէ կազ­մա­կեր­պու­թիւն կամ կա­ռոյց պէտք չէ խան­գա­րէ եւ խո­չըն­դո­տէ ա­նոր աշ­խա­տանք­նե­րը:

«­Մինս­քի Խմ­բա­կը պէտք է շա­րու­նա­կէ իր աշ­խա­տանք­նե­րը` խնդի­րը խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով լու­ծե­լու հա­մար: Մենք պէտք է ա­պա­ցու­ցենք, որ Ատր­պէյ­ճա­նը, զէն­քեր կի­րար­կե­լով եւ խնդի­րը պա­տե­րազ­մի վե­րա­ծե­լով, իր նպա­տա­կին չի կրնար հաս­նիլ: Ա­հա ա­սո՛ր պէտք է վստահ ըլ­լալ»,- շեշ­տած է Գ. Կա­րա­պե­տեան: