Մէկ զեկոյցը մերժուեցաւ, երկրորդը ընդունուեցաւ
Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը, երէկ կէսօրին Սթրազպուրկի մէջ, թէժ քննարկումի ենթարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ ներկայացուած երկու զեկոյցները՝ ա.) «Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի գրաւեալ այլ տարածքներուն մէջ բռնութեան աճը», զեկուցաբեր
Րոպերթ Ուոլթերի կողմէ եւ բ.) «Ատրպէյճանի սահմանային շրջաններու բնակիչները ջուրէն դիտմամբ կը զրկուին», զեկուցաբեր Միլիցա Մարքովիչի կողմէ: Խորհրդարանական Վեհաժողովը մերժեց Ուոլթերի, իսկ վաւերացուց Մարքովիչի զեկոյցը:
Ինչպէս կը հաղորդեն հայկական լրատուամիջոցները, Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանի աշխատանքներուն եւ յատկապէս հայկական օրակարգին առնչուած նիստին ուղիղ հեռարձակմամբ կը հետեւին մամուլն ու կայանները։ Հետաքրքրութեամբ կը սպասուէին ելոյթները, եւ կարեւոր էր իւրաքանչիւր պատգամաւորի կարծիքը՝ ներկայացուած բանաձեւերուն վերաբերեալ։ Ինչպէս յայտնի դարձաւ քուէարկութեան աւարտին, մերժուեցաւ Ռոպերթ Ուոլթերի զեկոյցը (66 կողմ, 70 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ), սակայն վաւերացուեցաւ Միլիցա Մարքովիչի զեկոյցը (98 կողմ, 71 դէմ յարաբերակցութեամբ), որ յայտնի է, թէ ատրպէյճանական ջուրով հետաքրքրուած ըլլալու արդիւնք չէ, այլ «մարդասիրական վերնագրերու տակ քաղաքական հարցեր թաքցնելու փորձ», ինչպէս արձանագրած է Հ.Հ. խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան։
Ինչպէս ձեւաւորուեցան Յունաստանի ներկայացուցիչներու քուէները
Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի նիստին կը մասնակցէին Յունաստանի վեց երեսփոխաններ։
Անոնք էին Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութենէն՝ Գոնսթանտինոս Ծավարաս, Տորա Պաքոյեանի, Վանկելիս Մէյմարաքիս եւ Սիրիզայէն՝ Անասթասիա Խրիսթոտուլոփուլու, Վասիլիքի Քաթրիվանու, Իոանէթա Քավատիա։ Ռոպերթ Ուոլթերի զեկոյցին (66 կողմ, 70 դէմ, 45 ձեռնպահ) անոնք քուէարկեցին հետեւեալ ձեւով.- Գոնսթանտինոս Ծավարաս եւ Տորա Պաքոեանի «կողմ», Վանկելիս Մէյմարաքիս, Անասթասիա Խրիսթոտուլոփուլու, Վասիլիքի Քաթրիվանու եւ Իոանէթա Քավատիա «դէմ»։
Միլիցա Մարքովիչի զեկոյցին (98 կողմ, 71 դէմ, 40 ձեռնպահ) անոնք քուէարկեցին հետեւեալ ձեւով.- Գոնսթանտինոս Ծավարաս, Տորա Պաքոյեանի «կողմ», Վանկելիս Մէյմարաքիս, Անասթասիա Խրիսթոտուլոփուլու, Վասիլիքի Քաթրիվանու եւ Իոանէթա Քավատիա «դէմ»։
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբ. «Զոյգ զեկոյցներէն կը պակսէր խոր, անկողմնակալ ուսումնասիրութիւնը»
Ինչպէս կը հաղորդէ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Նոյեմբեր 2015էն սկսեալ, Եւրոպայի Խորհուրդի 20 երկիրներու մօտ տքնաջան աշխատանք տարուեցաւ յանձնախումբին կողմէ, բացատրելով զեկոյցներուն էութիւնը եւ բացայայտելով անոնց կողմնակալութիւնը: Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը նաեւ Սթրազպուրկ էր, եւ մօտէն հետեւեցաւ քուէարկութեան ընթացքին:
Զոյգ զեկոյցներէն կը պակսէր խոր, անկողմնակալ ուսումնասիրութիւնը, դիտաւորեալ կերպով դուրս ձգուած էին հիմնական տուեալներ եւ, ընդհանուրին մէջ, անոնք կը վնասեն Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութեանց գործընթացին: Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խմբակը նախօրօք յայտարարութիւններ ըրաւ, վերջինը՝ միացեալ մամլոյ հաղորդագրութիւն մը, կոչ ուղղելով Ե.Խ.Խ.Վ.ին չխափանելու բանակցութեանց գործընթացը:
Րոպերթ Ուոլթերի հեղինակած եւ մերժուած զեկոյցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պաշտօնական Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յայտնի դիրքորոշումները արձանագրուած են: Իսկ Միլիցա Մարքովիչը, որ երբեք չէր այցելած ջրամբար, որպէս պատրուակ օգտագործեց այս մարդասիրական հիմնախնդիրը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին շուրջ խիստ կողմնակալ զեկոյց մը պատրաստելու համար: Նախնական զեկոյցին եւ թեքնիք զեկոյցին միջեւ համեմատութիւնը կը փաստէ, որ տիկին Մարքովիչ դիտմամբ չափազանցած է հաւանական վտանգի մը հետեւանքները: Ինչպէս նաեւ, ան իր զեկոյցի նախագիծին մէջ չէ ներառած թեքնիք զեկոյցին մէջ տեղ գտած քանի մը կարեւոր փաստերը, քանի որ անոնք չէին համապատասխաներ իր կողմնակալ դիրքաւորման:
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ.- «Այսօր Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը մերժեց Ուոլթերի չափազանց սադրիչ զեկոյցը: Այսպիսով, այսօրուան քուէրկութիւնն ընդհանուր առմամբ կարելի է դրական նկատել: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ պրն. Ուոլթեր չյաջողեցան Ե.Խ.Խ.Վ.ն օգտագործել որպէս հակահայ ռազմատենչ հռետորաբանութեան գործիք»: Կարապետեան աւելցուց, «դժբախտաբար, Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը վաւերացուց կողմնակալ այլ զեկոյց մը, Միլիցա Մարքովիչի հեղինակութեամբ՝ Սարսանգի ջրամբարի մասին: Ակնյայտ է, որ սկիզբէն, տիկին Մարքովիչ կը փորձէր օգտագործել այս մարդասիրական հիմնախնդիրը՝ պատրաստելու համար զեկոյց մը, որ արտայայտէ Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը»:
«Այժմ, հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է իրազեկէ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու քաղաքացիներու բնապահպանական, մարդկային իրաւունքներու եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած նման այլ խնդիրներու շուրջ»,- եզրափակեց Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը: