altՄ.Ա.Կ.ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Զոհ­րապ Մ­նա­ցա­կա­նեան Յու­նո­ւար 19ին ե­լոյթ ու­նե­ցած է Մ.Ա.Կ.ի Ա­պա­հո­վու­թեան Խոր­հուր­դի «­Քա­ղա­քա­ցիա­կան բնակ­չու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւն» խո­րա­գի­րով բաց քննարկ­ման ըն­թաց­քին:

 

 

Ան անդ­րա­դար­ձած է վեր­ջին շրջա­նին, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ 1994 թո­ւա­կա­նին կնքո­ւած զի­նա­դա­դա­րի ան­տես­ման եւ խախտ­ման դէպ­քե­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք, Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ապ­րած անվը­տան­գու­թեան եւ վտան­գա­ւոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն: Դես­պա­նը նշած է, որ կ­՛ա­ւել­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ սահ­մա­նա­գօ­տիին մէջ եւ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ խա­ղաղ բնակ­չու­թեան ռմբա­կո­ծում­նե­րը` հաս­նե­լով ան­նա­խա­դէպ չա­փե­րու, նաեւ տար­բեր զի­նա­տե­սակ­նե­րու եւ ծանր հրե­տա­նիի օգ­տա­գոր­ծու­մով, խլե­լով սահ­մա­նա­յին գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րուն կեան­քը: Միայն Սեպ­տեմ­բեր 2015ին զո­հո­ւած է ե­րեք կին: «­Հա­յաս­տան խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ զի­նա­դա­դա­րի մի­տում­նա­ւոր եւ նպա­տա­կա­յին խախ­տում­նե­րը` զու­գոր­դո­ւած Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն խա­թա­րու­մով: Ուս­տի, Հա­յաս­տան ան­գամ մը եւս կոչ կ­՛ուղ­ղէ Ատր­պէյ­ճա­նին հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կո­չե­րուն` ձե­ւա­ւո­րե­լու զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման դէպ­քե­րը քննող մե­քե­նա­կա­նու­թիւն եւ յետ քա­շե­լու ար­ձա­կա­զէն­նե­րը: Այ­լա­պէս, պի­տի ստանձ­նէ բռնու­թեան եւ լա­րո­ւա­ծու­թեան ա­ճի ամ­բողջ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւ­նը»,- ը­սած է Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նը: Մ­նա­ցա­կա­նեան շեշ­տը դրած է այն ի­րո­ղու­թեան վրայ, որ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կը, տագ­նապ­նե­րու լուծ­ման հար­ցով, շրջա­նա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու կի­րարկ­ման լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­նե­րէն է` ա­ւելց­նե­լով, որ Հա­յաս­տան բարձր կը գնա­հա­տէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան, Մ.Ա.Կ.ի եւ ա­նոր ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Մինս­քի Խմ­բա­կի գոր­ծու­նէու­թեան` կոչ ուղ­ղե­լով մեր­ժե­լու Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան ջան­քե­րու խա­թար­ման Ատր­պէյ­ճա­նի բո­լոր փոր­ձե­րը: