«Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (Ե.Խ.Խ.Վ.) լիագումար նիստի օրակարգին վրայ դրուած հակահայկական բանաձեւերու ընդունումը խափանելու դէմ լուրջ աշխատանքներ կը ծաւալին թէ՛ Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ
ներուն, եւ թէ՛ Հայ Դատի գրասենեակներուն, տարբեր երկիրներու մէջ հայ համայնքներուն եւ անհատներուն կողմէ»,- 168.amի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին արտայայտուած է Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան:
Յիշեցնենք, որ 25 Յունուարին կը սկսի Ե.Խ.Խ.Վ.ի ձմեռնային նստաշրջանը, որու օրակարգին վրայ դրուած են երկու հակահայկական զեկոյցներ:
Ըստ Պետօ Տեմիրճեանի՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը այս պահուն գոհ է, որ Ե.Խ.Խ.Վ. հայաստանեան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ` Պրիւքսէլի Հայ Դատի Գրասենեակը կ՛աշխատին այս բանաձեւերուն հաստատումը բեկանելու ուղղութեամբ: Ըստ անոր, այդ աշխատանքը պիտի շարունակուի մինչեւ քուէարկութեան վերջին վայրկեանը, քանի որ բեկանումի կարելիութիւնները կախեալ են կատարուող աշխատանքէն:
«Յոյսով ենք եւ կը մաղթենք, որ գոնէ կարելի ըլլայ խափանել այս բանաձեւերուն ընդունումը, որուն համար նաեւ մենք` իբրեւ Հայ Դատի գրասենեակ, կ՛աշխատինք: Կրնամ ըսել, թէ մենք ի՛նչ ըրած ենք այդ ուղղութեամբ: Հայ Դատի Գրասենեակը ստորագրահաւաք կազմակերպած է Ե.Խ.Խ.Վ.ի այս երկու բանաձեւերուն դէմ, որոնց միացած է առայժմ շուրջ 5 հազար անհատ, որոնք Ե.Խ.Խ.Վ.էն կը պահանջեն չքուէարկել այս բանաձեւերու օգտին, մեր ներկայացուցչութիւնները տարբեր երկիրներու մէջ այդ երկիրներու Ե.Խ.Խ.Վ. պատգամաւորներուն հետ հանդիպումներ կ՛ունենան եւ կը բացատրեն, թէ այս երկու բանաձեւերը ի՛նչ կը ներկայացնեն, եւ ինչո՛ւ պէտք է «դէմ» քուէարկել անոնց: Տեղեակ եմ նաեւ, որ եւրոպական երկիրներու շարք մը հայ համայնքներուն մէջ եւս կազմակերպութիւններ եւ անհատներ քայլերու կը ձեռնարկեն եւ Ե.Խ.Խ.Վ. պատուիրակներուն կը տեղեկացնեն, կը բացատրեն, թէ բանաձեւերը ուրկէ՛ են, եւ ինչո՛ւ պէտք չէ «կողմ» քուէարկել անոնց»,- տեղեկացուցած է Պետօ Տեմիրճեան: Այնուամենայնիւ, անոր կարծիքով` բանաձեւերու ընդունումը բեկանելու լծակներուն մասին դժուար է խօսիլ: Անոր որակումով՝ դժուար իրավիճակի մէջ ենք, քանի որ քիչ կը պատահի, որ յանձնախումբերու մէջ ընդունուած բանաձեւերը չեն ընդունուիր լիագումար նիստերու ընթացքին: «Յանձնախումբերու մէջ բանաձեւի ընդունումը արդէն կը նշանակէ, որ կան պատգամաւորներ, որոնք կողմ պիտի քուէարկեն: Մենք նաեւ նամակ ուղղած ենք բոլոր պատուիրակներուն եւ նշած ենք յատկապէս, թէ ո՛վ է Ռոպըրթ Ուոլթըրը, ի՛նչ կապեր ու ատրպէյճանամէտ ի՛նչ կեցուածք ունի, որքա՛ն թրքամէտ կեցուածք ունի անոր կինը, Ուոլթերը ինչպէ՛ս Չաւուշօղլուէն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստացած է, եւ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ գրուած են բանաձեւերը: Այսօր շատ փաստեր կան Ե.Խ.Խ.Վ.ի պատուիրակներու սեղաններուն վրայ դրուած:
Յուսանք, որ պատուիրակները այլեւս ճիշդ կերպով կողմնորոշուին եւ քուէարկեն: Մեր պատուիրակութիւնը եւս պէտք է օգտագործէ իր ունեցած լծակները` իբրեւ խորհըրդարան եւ պատուիրակութիւն, իր խողովակներով հանդիպի, խօսի, բացատրէ, ներկայացնէ իրավիճակին էութիւնը: Վստահ եմ, որ բոլոր միջոցներուն մասին անոնք տեղեակ են եւ կը կատարեն»,- ըսած է Պետօ Տեմիրճեան` տեղեկացնելով, որ Հայ Դատի Պրիւքսէլի գրասենեակը եւս երկու ներկայացուցիչ պիտի ունենայ Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ` քուէարկութեան օրը: «Յուսով ենք, որ անոնք մեզի համար դրական լուրերով կը վերադառնան Ե.Խ.Խ.Վ.էն»,- եզրակացուցած է Պ. Տեմիրճեան: