altՀ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի ղե­կա­վար Կի­րօ Մա­նո­յեան 12 Յու­նո­ւա­րին յայ­տա­րա­րած է, որ 26 Յու­նո­ւա­րին Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ նա­խա­տե­սո­ւած եր­կու հա­կա­հայ­կա­կան զե­կոյց­նե­րը պի­տի խան­գա­րեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցին

վե­րա­բե­րող Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը:

«Ն­ման զե­կոյց­նե­րը հա­րո­ւա­ծում են նախ եւ ա­ռաջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րին, նման ո­րո­շում­ներ ե­թէ շատ լի­նեն, մեր վի­ճա­կը վտան­գա­ւոր կը դառ­նայ: Ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւ­նը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցում հա­յե­րի նկատ­մամբ դրա­կան է, բայց այս­քանն էլ բա­ւա­կան է, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը խան­գա­րո­ւեն: Անհ­րա­ժեշտ է, որ այս բա­նա­ձե­ւե­րը չընդգր­կո­ւեն քննարկ­ման օ­րա­կար­գում»,- նկա­տել տո­ւած է Կ. Մա­նո­յեան:

Պա­տաս­խա­նե­լոով այն հար­ցու­մին, թէ հայ­կա­կան կող­մը ի՞նչ քայ­լե­րու կը դի­մէ զե­կոյց­նե­րուն քննար­կու­մը կան­խար­գի­լե­լու հա­մար՝ Մա­նո­յեան դի­տել տո­ւած է, որ հայ­կա­կան կող­մը կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ պատ­րաս­տո­ւած է նման դէպ­քե­րու:

Ըստ Կի­րօ Մա­նո­յեա­նի՝ Եւ­րո­պա­կան Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ պա­տո­ւի­րո­ւած հա­կա­հայ­կա­կան զե­կոյց­նե­րուն դէմ ե­ղած ստո­րագ­րա­հա­ւա­քին յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի միա­նան նաեւ Հա­յաս­տա­նէն: Ս­տո­րագ­րա­հա­ւա­քին նա­խա­ձեռ­նած է Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի Գ­րա­սե­նեա­կը: Այդ մա­սին այլ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չէ տո­ւած Կի­րօ Մա­նո­յեան՝ նշե­լով, որ ա­նի­կա տա­կա­ւին նախ­նա­կան հանգրո­ւա­նի մէջ է։

«Հ­րա­պա­րակ» թեր­թը եւս այս մա­սին գրած է, որ թէեւ կա­րե­լի չե­ղաւ Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ հա­կա­հայ­կա­կան 2 զե­կոյց­նե­րը կան­խել, սա­կայն թեր­թը տե­ղե­կու­թիւն ու­նի այն մա­սին, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չեն յանձ­նո­ւած, այլ ի­րենց ու­ժե­րը զօ­րա­կո­չի են­թար­կած են՝ Ե.Խ.Խ.Վ.ի ձմեռ­նա­յին նստաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին զե­կոյց­նե­րու ըն­դու­նու­մը կան­խե­լու նպա­տա­կով:

«Դ­րանց ըն­դու­նու­մը կան­խե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­ներն օգ­տա­գոր­ծում են ոչ միայն դի­ւա­նա­գի­տա­կան խո­ղո­վակ­նե­րը, այ­լեւ Յու­նո­ւա­րի 8ից այս նպա­տա­կով եւ­րո­պա­կան տար­բեր մայ­րա­քա­ղաք­ներ են մեկ­նել մի խումբ օ­րէնս­դիր­ներ՝ ի­րենց օ­տա­րերկ­րեայ գոր­ծըն­կեր­նե­րին հա­մո­զե­լու, որ դէմ քո­ւէար­կեն զե­կոյց­նե­րին: Մերձ-բալ­թեան հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րում է գտնւում Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի փոխ-խօս­նակ Է­դո­ւարդ Շար­մա­զա­նով, որն այն­տե­ղից մեկ­նե­լու է Չե­խիա, ա­պա՝ հա­րա­զատ Յու­նաս­տան: Նոյն ա­ռա­քե­լու­թեամբ եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րում են նաեւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի ար­տա­քին հար­ցե­րի յանձ­նա­ժո­ղո­վի ղե­կա­վար Ար­տակ Զա­քա­րեան ու Հա­յաս­տան-Ե.Մ. հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի հա­մա­նա­խա­գահ Սա­մո­ւէլ Ֆար­մա­նեան, ո­րը նաեւ Ե.Խ.Խ.Վ.ում Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ է: Իսկ Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­կան Գ­րա­սե­նեա­կը ստո­րագ­րա­հա­ւաք է նա­խա­ձեռ­նել ընդ­դէմ Ե.Խ.Խ.Վ. հա­կա­հայ­կա­կան զե­կոյց­նե­րի»,- գրած է «Հ­րա­պա­րակ»ը։