Ա.Մ.Ն. Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA) կը պատրաստուի Դեկտեմբեր 8ին եւ 9ին, Ուաշինկթընի Քափիթըլ Հիլի մէջ, կազմակերպելու արշաւ, որուն նպատակն է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կոչ ընել նպաստելու - Ատրպէյճանի կողմէ ծաւալած յարձակումներու խորապատկերին վրայ - Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման:
Ինչպէս կը նշուի ANCAի պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջին մէջ, արշաւի կազմակերպիչները մասնակցութեան հրաւէր ուղարկած են «Արցախի բարեկամներուն», որպէսզի անոնց ձայները հասնին Ա.Մ.Ն. կառավարութեան ու ստիպեն տարածաշրջանի մէջ ատելութիւն տարածող եւ պատերազմ տենչացող Ատրպէյճանին՝ հաշուետու ըլլալու իր կողմէ իրագործուող բռնութիւններուն ու սպառնալիքներուն համար:
Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ ի աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման արշաւին` Ա.Մ.Ն. Քոնկրէսին մէջ տեղի պիտի ունենան շարք մը հանդիպումներ, որոնց պիտի մասնակցին հայամէտ դիրքորոշում ունեցող քաղաքական գործիչներ, Լ.Ղ.Հ. կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Ա.Մ.Ն.ի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: