Print
Category: Հայ Դատ

Ըստ Սլովաքիոյ գերագոյն դատարանի նախագահ, փոխ վարչապետ Շթեֆան Եարապինի, եթէ ոեւէ անձ Սլովաքիոյ մէջ, օտար թէ տեղացի, կամ Սլովաքիոյ ոեւէ քաղաքացի՝ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ, հանդէս գայ Ցեղասպանութիւնը մերժող յայտարարութեամբ, ապա պիտի ենթարկուի 2-5 տարուայ ազատազրկման

ՍԼՈՎԱՔԻԱ, «Երկիր».- Եւրոպայի Հայկական միութիւններու ֆորումի (ԵՀՄՖ) մամլոյ ծառայութեան համաձայն, ԵՀՄՖի եւ Սլովաքիոյ հայկական համայնքի նախագահ Աշոտ Գրիգորեան հանդիպում ունեցած է Սլովաքիոյ Գերագոյն դատարանի նախագահ, փոխ վարչապետ Շթեֆան Եարապինը, որ իր կարգին յայտնած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքին նախագիծը, զոր ան տարիներ առաջ ներկայացուցած էր Ազգային խորհուրդ, արդէն հաստատուած է եւ օրէնքի ուժ ստացած:
Իբրեւ փոխվարչապետ եւ Արդարադատութեան նախարար, երկու տարի առաջ Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Եարապին յայտարարած էր, որ ան պատրաստած է հրէական Ողջակիզումը մերժողներուն նկատմամբ քրէական պատիժի կիրառման օրէնք մը, որ պիտի ընդգրկէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պարագան:
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը, որ վաւերացուած էր Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ 2004ին, հնարաւորութիւն կու տայ որ վերոյիշեալ օրէնքը կիրառուի նաեւ Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու եւ մերժողներու նկատմամբ:
«Անոնք, որոնք հրապարակայնօրէն կ՛արդարացնեն միջազգային քրէական դատարանի հռոմէական դրութեան 6,7 եւ 8րդ յօդուածներուն համապատասխան գործողութիւնները, որոնք կը համապատասխանեն ցեղասպանութեան յարկանիշներուն, կը համարուին յանցագործներ եւ այդ յանցագործութիւնը կատարող անձը կամ անձերու խումբը կը պատժուի բանտարկութեամբ՝ մէկ-երկու տարուան ժամկէտով:
Եթէ այդ յանցագործութիւնը կատարուի յատուկ նպատակներով կամ միտումնաւոր, ապա յանցագործութիւն կատարող անձը կը պատժուի 2-5 տարուան բանտարկութեամբ»:
Եարապին յայտնած է թէ 2012ի Փետրուարին, ԵՀՄՖի նախագահ Աշոտ Գրիգորեանի հետ գործակցաբար, վերոնշեալ թեմային շուրջ գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ, որուն մասնակցելու համար արդէն հրաւէր ստացած են ՀՀ Վճռաբեկ դատարանի նախագահ Արման Մկրտումեան եւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան: