Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ողջունած է Թուրքիոյ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքներով երեք հայ պատգամաւորներուն` Կարօ Փայլանի (Ժ.Ժ.Կ.), Սելինա Օզուզուն Տողանի (Հ.Ժ.Կ.) եւ Մարգար Եսայեանի (Ա.Բ.Կ.) մուտքը թրքական Մէջլիս եւ մաղթած է անոնց ամենայն բարիք՝ իրենց դժուար աշխատանքին մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»՝ այս մասին կը նշուի յանձնախումբին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Յանձնախումբը ողջունած է նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան (Ժ.Ժ.Կ.) արձանագրած արդիւնքները: «Հակառակ կուսակցութեան անդամներուն եւ աջակիցներուն նկատմամբ բոլոր ահաբեկումներուն, ճնշումներուն, ձերբակալութիւններուն ու նոյնիսկ մահուան ելքով յարձակումներուն` անոնք կրցան յաղթահարել 10 տոկոսի շեմը եւ ներկայացան նոր ձեւաւորուած խորհրդարանին մէջ 59 անդամով»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ: Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները յոյս յայտնած են, որ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը համագործակցի այնպիսի յառաջադէմ քաղաքական ուժի հետ, ինչպիսին Ժ.Ժ.Կ.ն է` ապահովելու համար երկրի բոլոր փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, ինչ որ մարդու հիմնարար իրաւունքներէն է: Յանձնախումբին յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ ասիկա յատկապէս անհրաժեշտ է Թուրքիոյ համար, եթէ վերջինս կը ցանկայ դառնալ եւրոպական ընտանիքի անդամ: