Print
Category: Հայ Դատ

Քա­նա­տա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չի կրնար լռու­թեամբ հե­տե­ւիլ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լա­րո­ւա­ծու­թեան սրու­մին: Քա­նա­տա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռոպ Նի­քըլ­սը­նին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կին մէջ այս մա­սին նշած է այդ երկ­րին մէջ Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Ժի­րայր Պաս­մա­ճեան` յոր­դո­րե­լով երկ­րին կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը

դա­տա­պար­տե­լու ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի յար­ձա­կում­նե­րը հայ­կա­կան զօր­քե­րուն եւ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն վրայ:

Յայտ­նենք, որ Քա­նա­տա­յի վար­չա­պետ Ս­թի­վըն Հար­փըր յայ­տա­րա­րած է, որ Քա­նա­տա չի կրնար ինք­նի­րեն թոյլ տալ ան­տար­բեր մնա­լու, երբ խա­ղաղ քա­ղա­քա­ցի­ներ կը զո­հո­ւին դա­ժան բռնա­պե­տու­թեան յար­ձա­կում­նե­րուն պատ­ճա­ռով: Ան ընդգ­ծած է, որ երկ­րին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դեռ չեն ար­ձա­գան­գած վեր­ջերս հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նին եւ ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րիչ յար­ձա­կում­նե­րուն: «­Քա­նա­տա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բը կոչ կ­՛ուղ­ղէ Քա­նա­տա­յին՝ վե­րա­հաս­տա­տե­լու իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինս­քի Խմ­բա­կի խա­ղա­ղու­թեան պահ­պան­ման ուղ­ղուած գոր­ծու­նէու­թեան եւ դա­տա­պար­տե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կում­նե­րը»,- նշո­ւած է նա­մա­կին մէջ: