Պուն­տես­թա­կի մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առնչուող բա­նա­ձե­ւի քննարկ­ման ըն­թաց­քը կը շա­րու­նա­կուի: Այս մա­սին լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ժա­մա­նակ նշած է Հա­յաս­տա­նի մօտ Գեր­մա­նիոյ Դաշ­նա­յին Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Մա­թիաս Քիես­լըր: «2015 թո­ւա­կա­նը Հա­յաս­տա­նի հա­մար շատ կա­րե­ւոր տա­րի է, այս ա­ռի­թով Գեր­մա­նիոյ մէջ թէժ քննար­կում­ներ ե­ղած են, նա­խա­գա­հը ար­տա­յայ­տո­ւած է այս թե­մա­յով: Այն, ինչ մենք հի­մա չու­նինք, Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի ո­րո­շումն է: Որ­քա­նով ես տե­ղեակ եմ` այս ա­շուն պէտք է ակն­կա­լենք զայն: Պուն­տես­թա­կի մէջ հի­մա լսում­ներ են, չեմ կրնար յստակ օր ը­սել, թէ ե՞րբ պէտք է օ­րի­նա­գի­ծը քննար­կո­ւի»,- «Ար­մէնփ­րես»ի փո­խանց­մամբ` նշած է Մա­թիաս Քիես­լըր:

Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նին խօս­քով` Սեպ­տեմ­բեր 22ին Հա­յաս­տան ժա­մա­նած է Սաք­սո­նիա-Ան­հալթ երկ­րա­մա­սի մշա­կոյ­թի եւ կրթու­թեան նա­խա­րար Շ­թե­ֆան Տոր­կեր­լոհն իր պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ: «­Մենք եր­կու­քով այ­ցե­լած ենք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան եւ յու­շա­հա­մա­լիր: Մե­զի հա­մար շատ յու­զիչ էր: Նա­խա­րա­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Սաք­սո­նիան այժմ կը պատ­րաս­տէ նոր պատ­մու­թեան դա­սա­գիր­քեր, ո­րոնց գլուխ­նե­րէն մէ­կը պի­տի վե­րա­բե­րի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն, նե­րա­ռեալ` Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան»,- ա­ւել­ցու­ցած է Մա­թիաս Քիես­լըր:

Դես­պա­նը շեշ­տած է, որ հայ-թրքա­կան հաշ­տե­ցու­մը պէտք չէ կա­պո­ւած ըլ­լայ օ­տար եր­կիր­նե­րու ո­րո­շում­նե­րէն եւ ճա­նա­չու­մէն: Պուն­տես­թա­կի Ապ­րիլ 24ի լիա­գու­մար նիս­տին ո­րո­շո­ւած էր ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման ու­ղար­կել 1915 թո­ւա­կա­նի Հա­յոց մեծ Ե­ղեռ­նը Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կող բա­նա­ձե­ւե­րու նա­խա­գի­ծե­րը: Ապ­րիլ 24ին Պու­տես­թա­կի նիս­տին հնչե­ցին 9 ե­լոյթ­ներ, ո­րոնց­մէ 7ին մէջ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կ­՛ա­նո­ւա­նէին 20րդ դա­րաս­կիզ­բին Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ կող­մե­րէն հա­յե­րու, յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու բնաջն­ջու­մը:

Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գահ Եոա­հիմ Կաուկ այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ 1915 թո­ւա­կա­նի հա­յե­րու կո­տո­րած­նե­րը ա­նո­ւա­նած է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն` Պեր­լի­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ա­րա­րո­ղու­թեան հա­մար նա­խա­պէս տա­րա­ծո­ւած ե­լոյ­թին մէջ: «­Գեր­մա­նա­ցի­ներս միաս­նա­կան պէտք է աշ­խա­տինք, քա­նի որ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­րա­գա­յին մեղ­սա­կից ենք, ուս­տի կը կրենք հա­մա­պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն»,- ը­սած է Կաուկ: