
Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք նախարարին դէմ դատական բողոք
- Details
- Category: Հայ Դատ
«Կիւնտեմքիպրիս» լրատուական կայքը գրած է, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւն կատարած Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ ու Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Ալի Հայտար Քոնճայի դէմ դատական բողոք ներկայացուցած է Իզմիր նահան գէն Ճոշքուն Քըլըճ անունով քաղաքացի մը: Դատական հետապնդում պահանջող իր դիմումին մէջ, Քըլըճ գրած է, որ Քոնճայի յայտարարութիւնը «թշնամանք կը սերմանէ» եւ չի նպաստեր Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ անկայուն իրավիճակը կայունացնելու ջանքերուն: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան նշեալ նախարարը, պատասխանելով Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրեն ուղղուած հարցումին՝ ըսած էր.- «Յստակ է, որ կոտորած եղած է: Այս իրողութիւնը բոլորն ալ կ՛ընդունին»։ Քոնճայի յայտարարութիւնը քննադատած են նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում, ինչպէս նաեւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութիւնները: «Թայմ-Թուրք» լրատուական կայքը կը գրէ, թէ իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահի պաշտօնակատար Ահմետ Այտըն այդ յայտարարութիւնը «անպատասխանատու» որակած է, իսկ հանրապետականներուն խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնակատար Էնկին Ալթայ, ժխտելով Ցեղասպանութեան փաստը՝ ըսած է, որ Համաշխարհային Ա. Պատերազմին «ցաւալի դէպքեր» տեղի ունեցած են, եւ աւելցուցած, որ Քոնճայի յայտարարութիւնը «սխալ է եւ ծանր դրութեան մէջ կը դնէ Թուրքիան»: Յայտարարութիւնը թրքական մամուլին մէջ եւս մեծ աղմուկ բարձրացուցած է եւ արժանացած է քննադատութեանց։
