Արթ ՄըքՀեֆի, որ 2010ին Իլհամ Ալիեւի կողմէ Ատրպէյճանի պատուոյ հիւպատոս նշանակուեցաւ Նիւ Մեքսիքոյի մէջ, կը շարունակէ պաշտպանել իրաւապաշտպաններու եւ լրատուական միջոցներու կողմէ քննադատուող Պաքուի իշխանութիւնները, պնդելով, որ «այդ երկիրը արժանի չէ դատապարտման»:
Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարած է, թէ Նիւ Մեքսիքոյի օրէնսդիր իշխանութեան շէնքին մէջ միջոցառումներ պիտի իրականացնէ, հակադարձելու համար այդ նահանգին մէջ Ատրպէյճանի շահերը առաջ մղելու ջանքերուն: Տեղի պիտի ունենան հանրային հաւաքներ եւ ուսուցողական հանդիպումներ՝ նահանգի օրէնսդիրներուն հետ, Օգոստոս 11-12ին:
Նիւ Մեքսիքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Քեն Կլերիան թերթին տուած հարցազըրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ նման միջոցառումներ անհրաժեշտ են հակազդելու համար ատրպէյճանամէտ լոպիական ջանքերուն: «Մեր հանդիպումները տեղի պիտի ուենան վճռորոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին եւ նպատակ ունին մեր առաջնորդներուն ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցել՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հասցէին կատարուող սպառնալիքներուն մասին», նշելով, որ Հայաստան քրիստոնէական փոքր երկիր մըն է անհանգիստ տարածաշրջանի մը մէջ։
Թերթը նշած է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը խիստ քննադատութեան ենթարկուած է շարք մը հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ Միջազգային Ներում (Amnesty International) կազմակերպութեան կողմէ, որ Պաքուն կ՛ամբաստանէ խիստ գրաքննութեան դիմելու եւ քաղաքական գործիչներ ու լրագրողներ հետապնդելու յանցանքներով: Պաքուն ներքաշուած էր նաեւ ամերիկացի քոնկրեսականներու Պաքու կատարած այցելութեան հետ կապուած գայթակղութեան մէջ: Այս գծով հետապնդումը սկսած էր այս տարուան Մայիսին, երբ «Ուաշինկթըն Փոստ» հրապարակեց, որ Պաքու առնուազն 750 միլիոն տոլար ծախսած էր ամերիկացի հիւրերուն վրայ, ինչ որ խոտոր կը համեմատի ամերիկեան օրէնքներուն։
Թերթը գրած է նաեւ Եւրոպական Կայունութեան Նախաձեռնութիւն կազմակերպութեան կողմէ Ատրպէյճանի մասին հրապարակուած «Խաւիարային դիւանագիտութիւն» զեկոյցին մասին, ուր նշուած էր, թէ Պաքուի ի նպաստ տրամադրուած եւրոպացի դիւանագէտներ աչք կը փակեն մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն դիմաց, փոխարէնը Պաքուէն ստանալով արժէքաւոր նուէրներ: