Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը 31 Յուլիսին, յատուկ որոշումով, ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Որդեգրուած բանաձեւը Թուրքիոյ մէջ հարիւր տարի առաջ կատարուածը կ՛որակէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն:
Ուրուկուէյի երեսփոխան Ալֆրետօ Ասթու այս առթիւ յայտարարած է, որ Խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւը. դէմ արտայայտուած է ընդամէնը մէկ երեսփոխան: Ասաթու իր արտասանած խօսքին մէջ նաեւ յիշեցուցած է, որ Ուրուկուէյ այդ հարցին մէջ շատոնց կողմնորոշուած է եւ տակաւին 50 տարի առաջ աշխարհի մէջ առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու դէմ արտայայտուեցաւ աշխարհի մէջ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններուն: Նախորդ շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած էր Պրազիլի Ռիօ Տը Ժանէյրօ նահանգը:
Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանը շրջանային մնայուն կազմակերպութիւն է, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան ծովու հատուածի երկիրներու ներկայացուցիչներ: Իր գործունէութեամբ անիկա նման է Եւրոպական Խորհրդարանին: Խորհըրդարանը ձեւաւորուած է 1964ին, կեդրոնը կը գտնուի Փանամայի մէջ եւ ունի 23 անդամ:
Հայաստանի Արձագանգը
Այս առիթով՝ 1 Օգոստոս 2015ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է, որ «Հայաստանը կ՛ողջունէ Լատին Ամերիկայի եւ Քարայիպեան ծովու հատուածի երկիրներու 23 օրէնսդիր մարմիններ միաւորող Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը»: «Ճանաչման հոլովոյթը անշրջելիօրէն կ՛ընթանայ ինչպէս պետական, հասարակական, այնպէս ալ բազմակողմանի մակարդակներով»,- արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով` ընդգծած է Նալբանդեան:
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին Լատին Ամերիկայի Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը համերաշխութեան եւ աջակցութեան ուղերձ է քաղաքակիրթ աշխարհին ժխտողականութեան դէմ պայքարին: Վստահաբար կարելի է ըսել, որ միջազգային նման հեղինակաւոր կառոյցի մը կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման սկզբունքային դիրքորոշման արտայայտումը ծանրակշիռ ներդրում է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ»,- յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը: