Չորեքշաբթի օր սկսած քննարկումները, գրեթէ միաձայնութեամբ, կողմնակից էին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, որուն դրականօրէն արձագանգած էին Պելճիքայի խորհրդարանի գրեթէ բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները:
Այս բանաձեւին վաւերացումով՝ Պելճիքայի խորհդարանը կու գայ միանալու երկրի դաշնակցային կառավարութեան ու Ծերակոյտին, որոնք վաղուց արդէն ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Բանաձեւի վաւերացումը ողջունեց Արդարութեան եւ Ժողովրդավարութեան Եւրոպայի Հայութեան Դաշինքի նախագահ Գասպար Կարապետեան, որ Պելճիքայի խորհրդարանի այս քայլը նկատեց թրքական կառավարութեան ուղղուած պատգամ մը, թէ Եւրոպայի մէջ կեղծիքն ու ուրացումը տեղ չեն կրնար ունենալ եւ ուշ կամ կանուխ Թուքիա պարտաւորուած պիտի ըլլայ դէմ յանդիման գալու իր պատմութեան եւ անցեալին հետ: Կարապետեան նաեւ նշեց, որ բանաձեւի հաստատումը կարելի դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Հայ Դատի Յանձնախումբի Պելճիքայի կառոյցին եւ Պելճիքայի Հայութեան Յանձնախումբի համակարգուած ճիգերուն շնորհիւ:
Հայաստան կ՛ողջունէ ճանաչումը
Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդէս եկած է Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութեամբ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն, յայտարարութեան մէջ ըսուած է.- «Դեռ տասնեօթ տարի առաջ Պելճիքայի Ծերակոյտը յատուկ բանաձեւով ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Պելճիքայի վարչապետը Յունիս 18ին վերահաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան միանշանակ ճանաչման վերաբերեալ կառավարութեան դիրքորոշումը: Այսօր Ներկայացուցիչներու Պալատին կողմէ ընդունուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Բանաձեւը կ՛ամբողջացնէ Պելճիքայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը: Ողջունելի է Պելճիքայի Թագաւորութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան աներկբայ ճանաչումը»: