Յուլիս 10ին Ա.Մ.Ն. Ծերակոյտի յատկացումներու ենթայանձնաժողովը, քննարկելով Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող Ա.Մ.Ն. արտաքին օգնութեան հարցը, առաջարկած էր 2016 թուականի նիւթական տարին ընդլայնել Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող օգնութիւնը հակամարտութեան հետեւանքով տուժած անձերուն օգնելու եւ յառաջացած կարիքները հոգալու համար:
Հայաստանի մասով առաջարկուած էր յատկացնել 20 միլիոն 60 հազար տոլարի տնտեսական օգնութիւն եւ 1 միլիոն 700 հազար տոլարի ռազմական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ 600 հազար տոլար Միջազգային Ռազմական Կրթութեան եւ Ուսուցման ծրագիրին համար: Հայաստանի համար առաջարկուած 20 միլիոն 60 հազար տոլարի օգնութիւնը 10 տոկոսով աւելի է նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած օգնութենէն: Ներկայացուցիչներու Տան յատկացումներու ենթայանձնաժողովը, քննելով արտաքին օգնութեան հարցը, լռելեայն համաձայնութիւն յայտնած էր հայկական յատկացումներու վերաբերեալ: Չուլճեանի խօսքով` առաջին անգամ չէ, որ Ա.Մ.Ն. Քոնկրէսի պալատներէն մէկը լռութիւն կը պահպանէ հայկական յատկացումներու գծով: «Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ այն, որ իւրաքանչիւր յանձնաժողովի ներկայացուցած բանաձեւը քննարկուի երկու պալատներու լիագումար նիստին, իսկ տարբերութիւնները պէտք է հարթուին: Սովորաբար կը գերադասուի այն պալատի առաջարկը, որ յստակ դիրքորոշում ունի հարցի շուրջ: Միւս տարբերակը այն է, որ բանաձեւերէն ոչ մէկը պիտի քննարկուի, այլ պիտի ընդունուի ընդհանուր մէկ միասնական փաստաթուղթ»,- բացատրած է ան` տեղեկացնելով, որ վերջնական որոշումը պէտք է կայացուած ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբեր: