Print
Category: Հայ Դատ

Աւստ­րա­լիա­ցի խորհր­դա­րանական ­Թօ­նի ­Զա­փիան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­րած է Աւստ­րա­լիոյ խորհր­դա­րա­նի ­Դաշ­նա­յին ­Պա­լա­տէն ներս: «Ար­մէնփ­րես»ի փո­ խանց­մամբ` այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ ­Հայ ­Դա­տի Աւստ­րա­լիոյ յանձ­նա­խում­բը:

«­Թէեւ ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ըն­դու­նած է, որ վայ­րա­գու­թիւն­ներ  ի­րա­կա­նա­ցո­ւած են, սա­կայն կը շա­րու­նա­կէ ժխտել, որ ա­տոնք ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ե­ղած են` դէպ­քե­րը վե­րագ­րե­լով պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ տե­ղի ու­նե­ցած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու»,-­ նշած է աւստ­րա­լիա­ցի օ­րէնս­դի­րը, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եր­կա­րա­մեայ ջա­տա­գով է:

Ան ո­գե­կո­չած է 1915-­1923 թո­ւա­կան­նե­րուն 1,5 մի­լիոն հա­յե­րու սպա­նու­թեան 100­րդ ­տա­րե­լի­ցը եւ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը հա­ղոր­դած ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն:

Հայ ­Դա­տի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն ­Վա­չէ ­Ղահ­րա­մա­նեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն  յայտ­նած է օ­րէնս­դի­րին իր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար` կա­րե­ւոր հա­մա­րե­լով խորհր­դա­րա­նա­կա­նին կող­մէ` 1915-­1923 պատ­մա­կան ե­ղե­լու­թեան հան­դէպ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան շա­րու­նա­կա­կան ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մատ­նան­շու­մը: