Print
Category: Հայ Դատ

Պ­րա­զի­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծած է հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ուր ցաւ կը յայտ­նէ իր դես­պա­նը տուն կան­չե­լու Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րոշ­ման առն­չու­թեամբ՝ միա­ժա­մա­նակ շեշ­տե­լով, թէ կան գա­ղա­փար­ներ եւ դիր­քո­րո­շում­ներ, ո­րոնք են­թա­կայ չեն փո­փո­ խու­թեան:

Ըստ «Ա­ժեն­սիա Փ­րեն­սա Ար­մէ­նիա»ի՝ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ափ­սո­սանք յայտ­նած է, որ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Պ­րա­զի­լի Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ Յու­նիս 3ին վա­ւե­րացուած եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցած բա­նա­ձե­ւին առն­չու­թեամբ նման դիր­քո­րո­շում որ­դեգ­րած է: «­Յու­նիս 1ին, Պ­րա­զի­լի մօտ Թուր­քիոյ դես­պա­նը այ­ցե­լած է ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն, ուր ա­նոր սպա­ռիչ բա­ցատ­րու­թիւն տրո­ւած է բա­նա­ձե­ւին կա­պակ­ցու­թեամբ: Ա­նոր ը­սո­ւած է, որ կան տե­սա­կէտ­ներ եւ ա­ւան­դա­կան դիր­քո­րո­շում­ներ շարք մը հար­ցե­րու առն­չու­թեամբ, ո­րոնք են­թա­կայ չեն փո­փո­խու­թեան: Նոյն բա­ցատ­րու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցո­ւած է նաեւ Պ­րա­զի­լի մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նին»,- ը­սուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, ուր կ­՛ընդգծո­ւի, որ իր ո­րո­շու­մը կա­յաց­նե­լու ըն­թաց­քին Ծե­րա­կոյ­տը հիմ­նո­ւած է Պ­րա­զի­լի սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ամ­րագ­րո­ւած ան­կա­խու­թեան լիա­զօ­րու­թեան վրայ: Միա­ժա­մա­նակ, նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յոյս յայտ­նած է, որ Թուր­քիոյ հետ պաշ­տօ­նա­կան ռազ­մա­վա­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մօ­տիկ ա­պա­գա­յին կը վե­րա­դառ­նան բնա­կա­նոն հու­նին: