Print
Category: Հայ Դատ

Յու­նիս 10ին, Սթ­րազ­պուր­կի (Ֆ­րան­սա) մէջ, Եւ­րո­խորհրդա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տի ըն­թաց­քին, քո­ւէար­կո­ւե­ցաւ Թուր­քիոյ մա­սին 2014ի տա­րե­կան զե­կոյ­ցը, որ ընդ­հան­րա­պէս ժխտա­կան ակ­նարկ կը կա­տա­րէ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու, խօս­քի, մա­մու­լի ա­զա­տու­թեանց վե­րա­բե­րեալ, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան նա­հան­ջին կ­՚անդ­րա­դառ­նայ, ինչ­պէս նաեւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու դէմ շա­րու­նա­կո­ւող բա­ցա­սա­կան վե­րա­բեր­մուն­քին, Յու­նաս­տա­նի հան­դէպ ու­նե­ցած յար­ձա­կո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քին, եւ Կիպ­րո­սի հան­րա­պե­տու­թիւ­նը մեր­ժե­լուն հետ առըն­չո­ւած բո­լոր խնդիր­նե­րուն:

Զե­կոյ­ցը դրա­կան կը նկա­տէ յատ­կա­պէս Յու­նիս 7ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ժո­ղովր­դա­յին լայն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ նո­րա­կազմ խորհր­դա­րա­նէն ներս Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը: Դ­րա­կան կը նկա­տէ նաեւ Թուր­քիոյ մէջ մէկ մի­լիոն վեց հա­րիւր հա­զար սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու ա­պաս­տա­նի­լը:

Քո­ւէար­կո­ւած զե­կոյ­ցի նա­խա­բա­նին մէջ յա­տուկ կէ­տով մը կը նշո­ւի «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին նուիրուած Ապ­րիլ 15, 2015ի բա­նա­ձե­ւը»: 2005էն ետք, երբ Թուր­քիա Եւ­րո­միու­թիւն մուտ­քի թեկ­նա­ծու երկ­րի կար­գա­վի­ճակ ստա­ցաւ, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը չէր նե­րա­ռո­ւած տա­րե­կան այս զե­կոյց­նե­րուն մէջ: Պէտք է նշել, թէ վե­րո­յի­շեալ բա­նա­ձե­ւին մէջ յստակ պա­հանջ կայ Թուր­քիա­յէն՝ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու իր ան­ցեա­լին հետ, ճանչ­նա­լով Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

Զե­կոյ­ցին մէջ տեղ գտած յօդուած թիւ 49ով կը կրկնո­ւի վեր­ջին տա­րի­նե­րու կո­չը՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան կապ ստեղ­ծե­լու եւ, ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու, բա­նա­լու եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ սահ­մա­նը:

Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պե­տեան ող­ջու­նեց Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի այս զե­կոյ­ցին մէջ տեղ գտած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թուր­քիոյ կող­մէ ճա­նաչ­ման նշու­մը, ինչ­պէս նաեւ ա­ռանց նա­խա­պայ­մա­նի սահ­մա­նի բա­ցու­մը: Կա­րա­պե­տեան նաեւ ը­սաւ, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը ան­գամ մը եւս փաս­տեց, թէ Թուր­քիոյ սպառ­նա­լիք­նե­րուն են­թա­կայ չէ, հա­կա­ռակ Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հար­ցե­րու եւ գլխա­ւոր բա­նակ­ցող նա­խա­րար Վոլ­քան Պոզ­քի­րի այն սպառ­նա­լի­քին, թէ Թուր­քիա պի­տի չըն­դու­նի զե­կոյ­ցը, ե­թէ ա­նոր մէջ նշո­ւած ըլ­լայ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Զե­կու­ցա­բեր Քա­թի Փի­րի (Ըն­կեր­վար­ներ եւ Ժո­ղովր­դա­վար­ներ, Հո­լան­տա) ար­դէն պա­տաս­խա­նեց՝ ը­սե­լով, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը չի կրնար ու­րա­նալ ար­դէն որ­դեգ­րո­ւած բա­նա­ձե­ւեր: Այս զե­կոյ­ցով, Եւ­րո­միու­թիւ­նը բաց կը ձգէ Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան Միու­թիւն մուտ­քը, բան մը, որ եր­թա­լէն ա՛լ ա­ւե­լի կը դժո­ւա­րա­նայ: