Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութեանց առնչութեամբ, իր աջակցութիւնը յայտնած էր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովդավրական Կուսակցութեան:
Ըստ «Արցախփրես»ի՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պաշտօնական կայքէջը կը փոխանցէ, որ յանձնախումբին կողմէ պատուիրակութիւն մը ձեւաւորուած էր եւ ուղարկուած Թուրքիա` խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու համար:
Թուրքիա մեկնած պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած են Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, հասարակայնութեան հետ կապի յանձնակատար Պետօ Տէմիրճեան, Վերա Եագուպեան, Պետրոս Պետրոսեան ու Ճորճ Աղճայեան: Քուէարկութեան օրը պատուիրակութիւնը այցելած է շարք մը ընտրատեղամասեր, արձանագրած է կատարուած խախտումներն ու յարուցուած դժուարութիւնները ընդդիմադիր, յատկապէս` Ժողովուրդներու Ժողովըրդավարական կուսակցութեան հանդէպ:
Դիտարկման արդիւնքները պիտի հրապարակուին յառաջիկայ օրերուն: Պատուիրակութեան ատենապետ Գասպար Կարապետեան ողջունած է ընտրութեանց արդիւնքները եւ յայտնած, որ Թուրքիոյ խորհըրդարանին մէջ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայութիւնը կը նշանակէ, թէ հոն կայ քաղաքական ուժ մը, որ կրնայ պայքարիլ ազատութեան, հաւասարութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան համար: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան քրտամէտ կուսակցութիւնը մեղադրած էր «հայկական լոպպիի հետ սակարկութիւններ ընելուն մէջ»: Ի դէպ, կայքէջը հրապարակած է նաեւ շարք մը լուսանկարներ, որոնց շարքին՝ թրքական թերթերէն մէկը, որ քրտամէտ կուսակցութիւնը կը մեղադրէ հայկական լոպպիի հետ համագործակցելուն մէջ: «Ժ.Ժ.Կ.ն իրականութեան մէջ ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ հայկական թեզերու կողքին է»,- գրուած է թերթի յօդուածի վերնագիրին մէջ: