Մայիս 29ին, Պելճիքայի Մարդասիրական Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը (CDH) իր շարքերէն արտաքսեց ծագումով թուրք Մահինուր Օզտեմիրը, որ Պրիւքսէլի խորհրդարանի անդամ է. ան նաեւ անդամ է Պրիւքսե լի Սքարպեք համայնքի քաղաքապետական խորհուրդին: Վերջին շրջանին, յատկապէս Ապրիլ 24ի յաջորդող օրերուն, Պելճիքայի քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ դժգոհութեան ալիք մը բարձրացած էր ծագումով թուրք երեսփոխաններուն հանդէպ, որոնք կը ժխտէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ նոյնիսկ մերժած էին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Օզտեմիր անոնցմէ մէկն էր:
Կուսակցութեան ղեկավար Պենուա Լիւթժեն արդէն քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, որ կուսակցութեան մէջ ժխտողական դրսեւորումներ պիտի չհանդուրժէ: Կուսակցութեան կարգապահական (էթիքայի) յանձնաժողովը հարցաքննութեան կանչած է Օզտեմիրը, որ հաստատած է իր ժխտողական կեցուածքը, որուն հետեւանքով ան կուսակցութեան շարքերէն դուրս դրուեցաւ: Կուսակցոթիւնը նաեւ կը պահանջէ, որ ան հրաժարի քաղաքապետական խորհուրդի իր անդամակցութենէն:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՚ողջունէ CDH կուսակցութեան այս արդար եւ խիզախ քայլը, որ կը բխի մարդասիրական եւ ժողովրդավարական իր սկզբունքներէն,- ըսաւ Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ աւելցուց.- Արդէն բաւական ժամանակ է, որ մենք եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբը սերտ կապերու մէջ ենք CDH կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, եւ բարձր կը գնահատենք Լիւթժենի այս քայլը, որ առանց քաղաքական հաշուարկներու, իր խօսքին տէր կանգնեցաւ եւ կուսակցութենէն հեռացուց Օզտեմիրը: