Պելճիքայի խորհրդարանի իշխանաւոր կուսակցութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նոր օրինագիծ պիտի ներկայացուի: «Վալոն Լիպերալ» կուսակցութեան ղեկավար Տենիս Տուջարմէն ըսած է, որ օրինա
գիծը շատոնց է կը նախապատրաստուի: Ան նշած է, որ օրինագիծին վրայ աշխատած են դեռ այն բանէն առաջ, երբ «Humanist Democratic Centre (HDC) կուսակցութեան անդամ ազգութեամբ թուրք պատգամաւոր Մուհինար Օզդեմիր, Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելու համար հեռացուեցաւ կուսակցութեան շարքերէն:
Oրինագիծը մինչեւ տարուան վերջ պիտի քննարկուի խորհըրդարանին մէջ եւ կը սպասուի, որ աջակցութիւն ստանայ նաեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ: Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1998 թուականին:
Իսկ այս տարուան Մայիս 1ին Պելճիքայի ֆրանսական համայնքի խորհրդարանի անդամները, լիագումար նիստի մը ժամանակ, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: